ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ, զի անթիւ եւ յանցանք իմ, անասելի են անօրէնութիւնք իմ, աններելի են ցաւք իմ եւ անբժշկելի են վէրք իմ»:
«…Հպարտութեամբ եւ մասամբք նորին, նախանձութեամբ եւ մասամբք նորին, բարկութեամբ եւ մասամբք նորին, ծուլութեամբ եւ մասամբք նորին…
մեղա՜յ Աստուծոյ»:
Ս. պատարագի աւարտին, խոստովանանքի պահուն, կարգով կը նշեն մարդոց գործած մեղքերը, եւ պատարագիչ քահանան միջնորդ կը հանդիսանայ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ, անմիջապէս ետք, ըսելով. «Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ ամենայն յանցանաց ձերոց»:
Մանկութեանս, դասարանը նոյն գրասեղանը բաժնեկցող դասընկերուհիս տասնեակներով գունաւոր մատիտներ ունէր, իսկ ես՝ ոչ իսկ մէկ հատ: Շատ կը փափաքէի ունենալ այդ գունաւոր մատիտներէն. երանի կու տայի դասընկերուհիիս, սակայն չէի նախանձեր: Կը նախանձէի, երբ զբօսանքի ժամուն փոքրիկ ու անմեղ չարութեան մը համար կը պատժուէի, (հակառակ անոր որ մանկութեանս խելօք երեխայ եղած եմ), իսկ անդին՝ շատ աւելի անկարգ քանի մը տղոց «աչք կը գոցէին», որովհետեւ «այսինչեաններու» զաւակն էին: Ինչպէ՞ս չնախանձէի: Նախանձը՝ իբրեւ «մահացու մեղք», քաւելու համար Ծնունդին կամ Զատկուան տօներուն կը հաղորդուէի՝ այսպիսով ինքզինքս «անմեղ» նկատելով:
Մանկութեանս ունեցած նախանձս կը կարծեմ, թէ ներելի է, սակայն մեծնալէս ետք, մինչեւ օրս կը նախանձիմ: Կեանքի մէջ յաջողած ընկերներուս չէ, որ կը նախանձիմ. ընդհակառակը, հպարտ կը զգամ անոնցմով: Համոզուած եմ, թէ նախանձով արդիւնքի չես հասնիր: Պիտի վստահիս կարողութիւններուդ, սակայն երբ չունիս այդ կարողութիւնը, ինքնաբերաբար մէջդ կը մտնէ նախանձի որդը:
Ներկայիս կը նախանձիմ թուրք ցեղին բախտին:
Յաջողութիւնը չարաչար աշխատանքի կը կարօտի, սակայն բախտը բնածին է. պարզապէս հարկաւոր է բախտաւոր աստղի տակ ծնած ըլլալ: Թուրքը, հակառակ իր անհաշուելի թերութիւններուն, ընդունինք, որ բախտաւոր ազգ եղած է դարերէ ի վեր: Նախ՝ իր աշխարհագրական դիրքով, երկու գերպետութիւններու՝ նախկին Խորհրդային Միութեան ու Միացեալ Նահանգներուն «շփացած լակոտը» եղած է: Երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ալ պարտեալ դուրս ելած է, սակայն քանի մը տարի ետք կրցած է դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու բարգաւաճիլ:
Մանկութեանս մեզի միշտ սորվեցուցած են. «Չարը իր արդար պատիժը կը կրէ», «Գողութեան վաստակը շատ չի դիմանար», «Մարդ բարիք ընելով է, որ կը յաջողի» եւ կարգ մը նման բարոյագիտական արտայայտութիւններ:
Հակառակ անոր, որ թուրքը վերոյիշեալներէն ոչ իսկ մէկը գործադրած է, բայց եւ այնպէս օրէ օր կը բարգաւաճի: Բռնութեամբ տէր դարձած է մեր Արեւմտեան Հայաստանին, դարեր շարունակ շահագործած է հայերս, ապա տեղահանած ու գրեթէ ամբողջութեամբ բնաջնջած է հայ ազգը, եւ փոխանակ կրելու իր արդար պատիժը, կը սուրայ դէպի յառաջ: Իսկ մենք՝ հայերս, ըլլալով հանդերձ աստուածավախ, պարկեշտ ու աշխատասէր, կորսնցուցած ենք մեր հայրենիքը, տուած ենք աւելի քան մէկուկէս միլիոն մարդկային եւ՝ մշակութային կորուստ, տասնեակ հազարաւոր բռնի կրօնափոխ հայեր ունինք: Ինչպէ՞ս չնախանձիմ թուրքի բախտին: Ցեղասպանութենէն տասնեակ տարիներ ետք, արդէն ունեցանք Սփիւռք, մշակոյթ եւ հազիւ սկսած էինք քիչ մը «շունչ քաշելու» ու բարգաւաճելու, գերպետութիւններու աղտոտ հաշիւներով, Միջին Արեւելքի խառնակ վիճակը պատճառ դարձաւ, որ ստիպողաբար մեծ թիւով հայեր՝ լքելով իրենց «երկրորդ հայրենիքը», հաստատուին արեւմտեան երկիրներ եւ ինքնաբերաբար ենթարկուին «ճերմակ ջարդ»ի վտանգին՝ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կարեւոր արժէք ու դերակատարութիւն ունեցող գաղութներու ճակատագիրը խաթարելով: Մենք միշտ եղած ենք տուժող ազգ, իսկ աշխարհի որեւէ անկիւն, ուր տեղի ունենայ քաղաքական փոփոխութիւն՝ ինքնաբերաբար ի նպաստ թուրքին կ՛ըլլայ եւ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողը ի՛նք կ՛ըլլայ»:
Անօրէն կերպով ձեռք ձգուած մեծ երկիր մը, որ միշտ յառաջ կ՛երթայ:
Ըստ Աւետարանի գրութիւններուն, «անմեղները դրախտին կ՛արժանանան», սակայն մեր անմեղ զոհերը երկնային դրախտ չտեսած, տանջուեցան երկրային դժոխքի մէջ:
Ի՞նչ է «նախանձ» ըսուած բառը: Երբ կարելիութիւնը չունենանք հասնելու ուրիշին ունեցած նուաճումներուն, ցանկութեան այդ ախտը կը կոչուի նախանձ:
Իբրեւ հայ, կը նախանձիմ թուրքին ձեռք ձգած նուաճումներուն, անարժան նուաճումներ… Ինչպէ՞ս չնախանձիմ, երբ օրական հազարաւոր օտար զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն Թուրքիա եւ հիացումով կը վերադառնան իրենց քաղաքը: Կը հիանան Պոլիս քաղաքի տեսարժան վայրերով, սակայն գաղափար իսկ չունին, թէ ներքին գաւառները տակաւին կ՛ապրին միջնադարեան կեանք մը: Զբօսաշրջիկներ կը շլանան Պոլսոյ թուրքերուն «բարեացակամ» ընդունելութենէն, «ազնուութենէն», սակայն անտեղեակ են, թէ նոյն թուրքը մինչեւ օրս ի՜նչ անմարդկային արարքներ կը գործէ նոյնիսկ Պոլսոյ «քաղաքակիր»չ շրջանակին մէջ: Օր ցերեկով կ՛ահաբեկէ Հրանդ Տինքի նման հայրենասէր հայորդիներ՝ խօսքի ազատութեան «յանցանքով»: Կը կոտորէ իր հաւատարիմ «դաշնակից» քիւրտ ցեղը, որուն օժանդակութեամբ փորձեց բնաջնջել հայ ազգը:
Քանի մը օր առաջ կը դիտէի ամերիկեան հետաքրքրական ժապաւէն մը: Դէպքը կը պատահէր Թուրքիոյ մէջ: Թմրեցուցիչի վաճառք եւ ոճիրներու շարք մը: Ուրիշ ի՞նչ կարելի է ակնկալել Թուրքիայէն:
Կարծես ինծի ջղայնութիւն պատճառելու միտումով, յաճախ թրքական դրօշակին ծածանումը ցոյց կու տան տարբեր շէնքերու եւ նաւերու վրայ, իսկ մեր հայկական սուրբ Եռագոյնը տասնամեակներով մնաց թաքուն մասունք մը: Երկար տարիներ չտեսանք անոր ծածանիլը: Քանի մը ուխտագնացներ Արարատի գագաթին կը զետեղեն մեր դրօշը, կը նկարուին, սակայն քանի մը օր ետք արդէն անհետացած է, արդէն բռնագրաւուած Արարատի գագաթին անարժան թրքական դրօշին ծածանիլը կը տեսնենք ակամայ: Ինչպէ՞ս չնախանձիլ:
Կարծես բաւարար չըլլար մեր հայրենիքին տիրանալը, կարգ մը թրքերէն բառեր միջազգայնացած են, ցաւ ի սիրտ, քանի մը անմիտ հայերու պատճառով:
«Եոկուրդ»՝ մածուն բառին թրքերէնը այսօր միջազգայնացած է հայ ընտանիքի մը պատճառով: Սարգիս եւ Ռոզ Քոլոմպոսեաններ 1929ին, Մեսեչուսեցի մէջ հիմնած են իրենց կաթնատունը եւ անուանած՝ «Կաթնատուն Քոլոմպօ եւ զաւակունք»: Նախ մածունի արտադրութեան տուած են «մածուն» անունը, ապա, փոխած «եոկուրդ»ի՝ տրուած ըլլալով, որ տարբեր ազգի գաղթականներուն համար շատ աւելի դիւրին է այդ բառը հնչելը:
Ի՜նչ աններելի սխալ:
1893ին Սուճեան ընտանիքը Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է հայկական հացագործարան մը եւ անուանած… «Էքմէկ» (հաց բառը թրքերէնով): Կարելիութիւնը չունէ՞ր «Էքմէկ»ի փոխարէն «Հաց» կամ որեւէ հայկական անունով «մկրտել» իր հաստատութիւնն ու արտադրութիւնը: Այսօր «Էքմէք»ը միջազգային համբաւի տիրացած անուն մըն է (կրկին աչքը լոյս թուրքերուն): Հայրենասէր բարեկամներէս մէկը հեռաձայնած է Սուճեան ընտանիքի գործատիրոջ պատասխանատուին եւ քաղաքավարօրէն հասկցուցած, որ աւելի ճիշդ չէ՞ր ըլլար, եթէ իրենց արտադրութեան տուած ըլլային հայկական անուն մը: Պատասխանը. «Տոլման եւ սարման եթէ գէթ հայերը հայերէն անունով ճանչնան, այդ ժամանակ ես ալ «Էքմէկ»ը կը փոխեմ «Հաց»»ի:
Նախ՝ շատ ուշ ես, սիրելի՛ Սուճեան. թրքերէն «Էքմէք»ը աւելի քան դար մը շուկայի վրայ է, եւ արդէն թրքերէն բառը միջազգայնացուցած ես: Քու որոշումովը կրնայիր հայկական անուն մը շնորհել հաստատութեանդ, սակայն տարագիր հայուն, տակաւին թրքախօս, այդ դժուար օրերուն՝ միայն «տոլման»ին ու «սարմա»ին հայկական անուն մը գտնելն էր պակաս:
Երաժշտական կեանքի մէջ, թմբկահարներու ամէնէն յարգի եւ փնտռուած ծնծղաներն են «Զիլճեան» ծնծղաները: Պոլսահայ Աւետիս Զիլճեանի անզուգական ծնծղաները կը պատրաստուին Թուրքիոյ մէջ, եւ բնականաբար վրան կը գրուի՝ «Made in Turkey»: Այս պարագային Աւետիս Զիլճեանն ու անոր ընտանիքը որեւէ յանցանք չունին, պարզապէս Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած ըլլալուն բերումով է, որ համայն աշխարհի ամենանշանաւոր երաժիշտները կը հիանան ու կը գործածեն «թրքական» Զիլճեան ծնծղաները:
Դարեր շարունակ, թուրքերը չեն ունեցած իրենց այբուբենը եւ օգտագործած են արաբերէն տառերը, ապա, ունեցած են իրենց «անձնական» այբուբենը՝ շնորհիւ… հայու մը: Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչար, բարեփոխելով կարգ մը լատիներէն տառեր, մէջտեղ բերած է թրքական նոր գիրեր: Ամէն հայ անխտիր հպարտ է Մեսրոպ Մաշտոցով, սակայն քանի՞ թուրքի ծանօթ է թրքական գիրերու հնարիչ հայուն անունը:
Ո՜վ թուրք ազգ. դո՛ւն քուն, բախտդ արթուն: Ինչպէ՞ս չնախանձիմ:
Նախանձը, 7 մահացու մեղքերէն մէկն է, եւ նախանձելով թուրք ցեղին՝ ինքնաբերաբար մեղաւոր եմ, սակայն ո՞ր մէկը աւելի մահացու մեղք է՝ իմ նախա՞նձս, թէ թուրքին անմարդկային արարքները: Գաղափար չունիմ, թէ թուրքերը ինչպէ՞ս կը քաւեն իրենց մեղքերը: Մեզի նման հաղորդութիւն կամ նման ծէս մը ունի՞ն: Ամենակարեւորը այն է, որ գոնէ կը գիտակցի՞ն իրենց գործած մեղքերուն:
Ձեւ մը ունի՞ն ըսելու՝ «Մեղա՜յ Աստուծոյ»:
Մինչ մենք, մեր «անմեղ» մեղքերը քաւելու համար կը հաղորդուինք եւ հոգեպէս կը թեթեւնանք, թուրքը կը շարունակէ իր «թրքութիւնը» ու կը բարգաւաճի:
Ինչպէ՞ս չնախանձիմ:
Նախանձութեամբ եւ մասամբք նորին.
«Մեղա՜յ Աստուծոյ»: