ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինը (SARF) Հինգշաբթի, Յունիս 4ի երեկոյեան հանգանակային ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր, ի խնդիր իր առաքելութեան շարունակականութեան ապահովման:
Այս ձեռնարկը նաեւ առիթ էր ծանօթութիւն տալու «Օքսֆամ» կազմակերպութեան հետ SARF-ի գործակցութեան, որ ի գործ դրուած էր Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու որոշ օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Խօսք առաւ SARF-ի ատենապետ Ճան Թիթիզեան:
Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էին փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեան եւ Րաֆֆի Արտալճեան, որ մասնակից էր «Օքսֆամ»ի հետ SARF-ի գործակցութեան համակարգումին:
Փրոֆ. Տէօքմէճեան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն մասին եւ անդրադարձաւ հայութեան վիճակուած կացութեան:
Խօսք առաւ նաեւ SARF-ի փոխատենապետ Րաֆֆի Քէնտիրճեան, որ ներկայացուց «Հզօր Հալէպ» խորագրեալ ծրագիրը:
Նշենք, որ Ազգային վարչութեան անդամներ ներկայ եղան ձեռնարկին եւ մասնակից՝ հանգանակութեան:
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին. նուագով ելոյթ ունեցան Սօսի եւ Սալբի Քերքոնեանները: