ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Միջազգային ներում» (Amnesty International) կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը ջնջած է Ատրպէյճան այցելելու իր ծրագիրը, երբ երկրի կառավարութիւնը վերջին պահուն որոշած է մուտքի արտօնութիւն չշնորհել պատուիրակութեան։
Ըստ «contact.az» կայքին՝ այցելութեան նպատակն էր «Ատրպէյճան. ճնշումներ՝ Եւրոպական խաղերու սեմին» խորագիրով հաւաք մը իրականացնել, սակայն Լոնտոնի մօտ Ատպէյճանի դեսպանատունը տեղեկացուցած է, որ երկիրը «ի վիճակի չէ այս պահուն ընդունելու «Միջազգային ներում»ը»:
«Ծիծաղելի է, որ միջոցառումը ջնջուած է այն պահուն, երբ Եւրոպական խաղերուն ընդառաջ, երկրին մէջ քննադատական ձայները պարբերաբար կը ճնշուին: Երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն Եւրոպական խաղերուն շուրջ քննադատութիւններէ զերծ գօտի մը ստեղծել», ըսած է կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով փոխտնօրէն Տենիս Քրիւշէեւ:
«Այս խաղերը շատ հեռու են մամուլի ազատութեան արժէքներէն ու մարդկային արժանապատուութեան յարիր պայմաններէն, որոնք ամրագրուած են Ողիմպիական կանոնադրութեան մէջ:
Վերջին տարիներուն, Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներ, իրաւապաշտպաններ, ընդդիմութեան անդամներ ու երիտասարդ գործիչներ կը հետապնդուին ու կը ձերբակալուին: Կացութիւնը աւելի վատթարացած է խաղերու նախաշեմին: Այժմ առնուազն 20 գործիչներ բանտարկուած կը մնան բացառապէս ազատ արտայայտուելու իրաւունքը դրսեւորելնուն համար: Անոնց դէմ տուրքերէ խուսափելու, խարդախութիւններու եւ նոյնիսկ պետական դաւաճանութեան մեղադրանք ներկայացուած է: Շատ մը այլ գործիչներ լքած են երկիրը՝ վախնալով իրենց ու իրենց ընտանիքներուն ուղղուած սպառնալիքներէն», ըսուած է իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: