ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչո՞ւ Եռագոյնը ծածանեցաւ Պաքուի մէջ: Ի՞նչ ուզեցինք փաստել մեր մարզիկները ուղարկելով Պաքու: Քարոզչական ի՞նչ շահ արձանագրեց Հայաստանը այս քայլով: Մարզական ոգիի յաղթանա՞կն էր, որ պիտի նուիրականանար այս մեր «խիզախ» քայլով, թէ հայ-ազերի ժողովուրդներուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման փորձ մըն էր կատարուածը:
Մեր այս ընթացքով արդեօք չնպաստեցի՞նք բռնատէր Իլհամ Ալիեւի միջազգային վարկ ձեռք ձգելու ճիգին, արդեօք չհարուածեցի՞նք ազերի այլախոհական շարժումին, չվիրաւորեցինք բանտերու մէջ խոշտանգուող ազատ խօսքի ու մարդկային իրաւանց ախոյեաններուն:
Պաքուի այդ մթնոլորտին մէջ կ՛արժէ՞ր տանիլ մեր սրբազան Եռագոյնը: