Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչումի արարողութիւններուն եւ միջոցառումներուն մասնակցելու համար Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանը կազմակերպած էր մասնաւոր թռիչք: Սոյն թռիչքով Հայաստան մեկնեցան առաջնորդ սրբազան հայրը, Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու եւ հարիւրամեակի յանձնախումբի անդամներ, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի 100ամեակի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով շուրջ 50 եգիպտացի յայտնի լրագրողներ, Եգիպտոսի յայտնի թերթերու խմբագիրներ, թղթակիցներ եւ ներկայացուցիչներ, հեռատեսիլի հաղորդավարներ, վերլուծական կեդրոնի տնօրէններ եւ այլ պաշտօնական անձեր:
Նոյն օդանաւով Հայաստան մեկնեցաւ նաեւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հովուապետ Թաուատրոս Բ. պատրիարքը իր շքախումբով՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի մասնաւոր հրաւէրով, եւ ուղեկցութեամբ թեմիս առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի:
20-26 Ապրիլի շրջանին Թաուատրոս պատրիարքը հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց հայրապետին կողմէ եւ մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ եւ պետութեան կողմէ կազմակերպուած կարեւոր բոլոր արարողութիւններուն, միջոցառումներուն եւ ձեռնարկներուն, նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու վանքեր եւ եկեղեցիներ: Ազգային առաջնորդարանի հարիւրամեակի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եգիպտացի լրագրողներու խումբը նախատեսուած յատուկ ծրագիրով մասնակցեցաւ այդ օրերուն ընթացող ձեռնարկներու եւ միջոցառումներու:
Անոնք առիթ ունեցան տեղւոյն վրայ հարցազրոյցներ ունենալու նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ, իսկ 25 Ապրիլին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին հետ:
Բոլոր միջոցառումներու աւարտեցան՝ 26 Ապրիլին, բոլորը վերադարձան Գահիրէ, Եգիպտոս, խոր տպաւորութիւններով եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աւելի իրազեկուած, ինչը եւ հասանելի դարձուցին եգիպտացի ժողովուրդին՝ հեռատեսիլի հաղորդումներով եւ մամլոյ հաղորդագրութիւններով:
ԴԻՒԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱæՆՈՐԴԱՐԱՆԻ