ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ «Թեքնիք» համալսարանի վարչութիւնը հարցաքննութիւն բացաւ մօտաւորապէս 40 ուսանողներու դէմ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու նպատակով Ապրիլ 24ին նստացոյց մը ըրած էին ու բացած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Առերեսուիր Հրանդին, Սեւակին ու Ցեղասպանութեան հետ»։
Անոնք պարզած էին նաեւ Ապրիլ 24, 1915ին ձերբակալուած ու նահատակուած հայ մտաւորականներուն պատկերները։
Նշենք, որ նստացոյցին վերջ տուած էին ուսանողներուն վրայ յարձակած ոստիկանները, որոնք խոշտանգած էին ուսանողները, բայց համալսարանի վարչութիւնը որեւէ առարկութիւն չէ ունեցած ուսանողները խոշտանգող ոստիկաններուն դէմ ու հարցաքննութիւն բացած է միայն ուսանողներուն դէմ։
Բացի վերոյիշեալ վերտառութենէն, ուսանողները բացած էին նաեւ վերառութիւն մը, ուր գրուած էր. «Խաղաղութեան վրայ բացուած կրակին համար հաշիւ պիտի պահանջենք»։
Ուսանողներուն այս վերտառութիւնները յանցագործութիւն նկատուեցան համալսարանի վարչութեան կողմէ։