Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին երկու ամիսներուն, Միացեալ Նահանգներու տնտեսա-քաղաքական բեմը փոթորկող մեծ հարցերէն մէկն է Անդր-Խաղաղական համաձայնագիրը (ԱԽՀ), որուն շուրջ զարգացող բանավէճը նախագահ Օպաման դրաւ իր՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան մեծ թիւով խորհրդարանականներու հետ սուր հակադրութեան ճամբու մէջ. նման համաձայնագիրի մը հանրապետականներու հակադրութիւնը ունի զարմանալիի ի՛ր երեսը…
Նորագոյն «պայթումը» տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Յունիսին, երբ Ներկայացուցիչներու տունը մերժեց ընդառաջել առեւտրական բանակցութեանց մէջ կառավարութեան աննախընթաց լիազօրութիւն տալու նախագահին ու անոր վարչակազմին պահանջը։
Նախընթաց օրերուն ու շաբաթներուն, ԱԽՀի շուրջ բանավէճը աղմկալի դարձած էր, երբ անոր ջերմ պաշտպանները, գլխաւորութեամբ նախագահ Օպամայի, իրերայաջորդ կոչեր ուղղած էին, որպէսզի այս համաձայնագիրին մասին բանակցութիւնները արագ ընթացքի մէջ դրուին եւ կնքումը տեղի ունենայ մինչեւ տարեվերջ։ Ուրբաթի «Ո»չը հարուած մը եղաւ նախագահին ու անոր համախոհներուն. անմիջական մեկնաբանութիւնները այն եղան, որ այս քուէարկութիւնը համապատասխան անդրադարձ պիտի ունենայ ԱԽՀին վրայ։
Ինչո՞ւ խնդրայարոյց եւ աղմկայարոյց է այս Անդր-Խաղաղականի համաձայնագիրը։
Եթէ համաձայնագիրին մասին ցարդ հրապարակուած գլխաւոր մանրամասնութիւնները արձանագրենք այստեղ, հաւանաբար թերթին քանի մը էջերը բաւարար պիտի չըլլան։
Ծիծաղելին այն է, որ ցարդ կատարուած հրապարակումները միայն հպանցիկ գաղափար մը կու տան անոր մասին, որովհետեւ համաձայնագիրն ու զայն կազմաւորող բանակցութիւնները… գաղտնի են, միայն փշրանքներ սպրդած են պետական մարդոց, «Ուիքիլիքս»ի եւ նման աղբիւրներու կողմէ, իսկ այդ բացայայտումները ցոյց կու տան, որ տեղ մը «նեխած բան մը կայ»։
Նախագահն ու համախոհները կը պնդեն, որ Միացեալ Նահանգներ առեւտրական գետնի վրայ շահելիք ունի այս համաձայնագիրէն, աւելին՝ ամերիկեան արժէքներ ու չափանիշներ պիտի տարածուին բանակցութեան մասնակից երկիրներուն մէջ, որոնց թիւը 12 է, անոնք կը գտնուին Խաղաղականի դրացնութեան մէջ, ինչպէս՝ Ճափոն, Վիեթնամ, Պրունա, սակայն ցանկին մէջ չկան… Չինաստանն ու Ռուսիան (սա առանձին մեկնաբանութեան կը կարօտի, սակայն բացայատ է թէ ինչո՛ւ)։
Իրազեկ քննադատողները կը պնդեն, որ համաձայնագիրը վնասակար պիտի ըլլայ ամերիկացի աշխատաւոր զանգուածներուն համար. քննադատներուն առաջին, ոչ միակ առարկութիւնը այն է, որ բանակցութիւններն ու համաձայնագիրին պայմանները գաղտնի պահե՛լն իսկ ցուցանիշ է, որ դաւադրութիւն մը կը սարքուի։ Այս համաձայնագիրին ետին կը տեսնուին աշխարհատարած ու բազմազգեան մեծ ընկերութինները, որոնք կ՛աշխատին համաշխարհայնացումի վատ կիրարկումը բարձրացնել նոր մակարդակի, նոր տարածք տալ իրենց անհակակշռելիութեան եւ երկիրներու կառավարութինները իրենց պատանդներուն վերածելու «ռազմավարութեան»։
Նոյն շրջանակները կ՛ըսեն, որ այս համաձայնագիրին իրականացումը պատճառ պիտի ըլլայ գործատուներու տեղափոխման՝ դէպի այն երկիրները, ուր աշխատավարձը չնչին է, հետեւաբար՝ Միացեալ Նահագներու մէջ անգործութեան նոր ալիք մը պէտք է նախատեսել, իսկ լաւագոյն պարագային, ամերիկացի աշխատաւորին պիտի պարտադրուին նուազ աշխատավարձով գոհանալու պայմաններ, այլապէս, աշխատատեղիները նոր օրէնքներով պիտի «փախչին» դէպի այլ երկիրներ… Քննադատները նաեւ կը հաւաստեն, որ ԱԽՀը իսկութեան մէջ առեւտրական համաձայնագիր մը չէ, անոր մէջ առեւտուրի բաժինը մեծ բաժին չի գրաւեր, ընդհակառակն, անիկա կ՛առաջադրէ մշակել օրէնքներ ու պայմաններ, որոնք ի նպաստ են աշխարհատարած ընկերութեանց ու մեծ շահարկողներուն։
Համաձայնագիրին պայմանները գաղտնի պահելու եւ զայն խորհրդարանի «կոկորդէն վար հրելու» Օպամայի վարչակազմին ճիգը, կ՛ըսեն նոյն քննադատները, կը յիշեցնէ այն վարքագիծը, որ Ուաշինկթընինն է եղած վերջին տասնամեակներուն, անկախ անկէ, թէ նախագահն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը դեմոկրա՞տ է, թէ հանրապետական։
Աղաղակող նախընթացներ էին Իրաքի վրայ յարձակման հող պատրաստող քարոզարշաւն ու «Հայրենասիրական Գործ» (Patriot Act) օրէնքներուն որդեգրումը. այդ արշաւներուն մասնակից էին նախագահ, նախարարներ ու զանգուածային լրատուութեան պատուհանները, իսկ անոնց հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ բիրտ ու արիւնալի հետեւանքներ կ՛ունենան ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ անոր ու դաշնակիցներուն «խնամատար եւ հոգածու» վարմունքին ենթակայ երկիրներուն վրայ… Չէ մոռցուած, թէ խորհրդարանականներ ինչպիսի փութկոտութեամբ եւ առանց իսկ ծրագիրներուն բանաձեւերը կարդացած ըլլալու, քուէ տուին Իրաքի վրայ յարձակման եւ յիշեալ օրէնքին։
***
Ապրիլէն ասդին, Օպամայի իրերայաջորդ կոչերուն դէմ դնելու ձգտող շարժումը վարողներ, որոնց հազուադէպ արձագանգները կը հասնին «սեղմ» լրատուութեան լսարաններէ, իրենց կարգին կոչեր կ՛ուղղեն քուէարկող ժողովուրդին, որպէսզի իրենց ընտրաշրջանի ներկայացուցիչներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլան եւ զանոնք հրաւիրեն մերժելու այս չարաբաստիկ համաձայնագիրը։
Եթէ 12 Յունիսի «Ոչ» քուէն յուսատու նշան է, թէ աշխարհակուլ ու շահամոլ ընկերութիւնները կարելի է տեղ մը կանգնեցնել ի վերջոյ, այսուամենայնիւ, անիկա լիովին չ՛երաշխաւորեր, որ վերջնական յաղթանակը շահուած է, ու աշխարհը դէպի անվերադարձ բարեշրջումի պիտի թաւալի։
Նախագահին առաջարկին դէմ քուէարկողներէն ոմանք կ՛ըսեն, որ սպասում ունին «աւելի լաւ պայմաններով» համաձայնագիրներու բանաձեւման։
Սա արդէն կը ստեղծէ իրարու զօդուած երկու հարցում.
Ա.- Ընկերութիւնները պիտի չշարունակե՞ն իրենց համար նպաստաւոր պայմաններ ձեւակերպող համաձայնագիրներուն հետապնդումը եւ հսկայական գումարներ գործածելով՝ պիտի կրկնեն ներկայացուցիչներու քուէները գնելու աշխատանքը, հետագային բազմապատիկը վերաշահելու ձգտումով. սա նոր աշխարհի չերեւցող բայց անհաճոյ իրականութիւններէն մէկն է անկասկած։ Այդպէս չեղա՞ւ դրամատուները անկումէ փրկելու հանգրուանին…
Բ.- Այսօր «Ո»չ քուէարկողներէն շատեր վաղը, իրենց գրպանները «իւղոտելէ» ետք, հրապարակ պիտի չգա՞ն՝ «աւելի լաւ պայմաններ բանաձեւեցինք»ի դրօշով, եւ ըստ էութեան՝ նոյն պայմաններով համաձայնագիրին ի նպաստ պիտի չքուէարկե՞ն, անոնց մէջ մակերեսային ու ձեւական «բարեփոխութիւններ» մտցնելէ ետք։
Ի վերջոյ, ո՞վ կը վճարէ իշխանութեան անդամներու եւ խորհրդարանականներու հաւատարմութեան փոխարժէքը. քուէարկող զանգուածնե՞ր, թէ աշխարհատարած ու «ամպերու ետին թաքնուած» ընկերութիւնները, որոնք արդէն քուլիսներու ետին կառավարական պաշտօնատարներու աւելի լաւ գործի առաջարկներ կը ներկայացնեն, պայմանաւ, որ անոնք «քալեցնեն» շահարկողներուն ի նպաստ օրէքներն ու համաձայնագիրները։ Զարմանալի՞ է, որ մարդիկ վաղը քուէարկեն ի նպաստ իրենց շահ խոստացողին, այսինքն իրենց «գրպանը իւղոտողին», եւ ո՛չ թէ զիրենք ընտրողին։
Այս «դրութիւնը» բոլորին համար ի զօրու չէ։ Անշո՛ւշտ որ կան իրենց առաքելութեան հաւատարիմ մարդիկ, քիչ մը ամէն տեղ։ Հարցը հոն է, որ բոլոր խորհրդարանականները «գնելը» անհրաժեշտ չէ. կը բաւէ ունենալ այնքա՛ն քուէ, որքան անհրաժեշտ է օրէնքները որդեգրել տալու եւ…
ժողովրդավարութիւնը նահատակելու համար։ Եւ ոչ պաշտօնական այս իրականութեան կ՛ակնարկէինք, երբ կը մատնանշէինք դեմոկրատներու եւ հանրապետականներու համատեղութիւնը՝ որոշ հարթակներու վրայ։ Ի վերջոյ, ո՞վ կը պահէ ցանկը այն նախարարներուն, նախագահներուն, փոխնախագահներուն ու բարձրաստիճան խորհրդականներու, որոնք Սպիտակ Տունէն, Արտաքին գործոց, պաշտպանութեան ու նման նախարարութիւններու կամ ապահովութեան եւ նման սպասարկութեանց մէջ իրենց պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք, բարձր ու շահաբեր պաշտօններու կը կոչուին մեծ ընկերութիւններու մէջ, ոմանք կը վերադառնան հոն՝ ուրկէ բերուած էին կառավարական պաշտօններու…
Այո՛, քուէարկողը տեղ մը կը վճարէ. իր ապրուստէն ու տարրական բարօրութենէն, պարտքի տակ ինկող իր զաւակներուն ապագայէն։
Ժողովրդավարութիւնը մարմնաւորող զանգուածներուն ի վնաս այս «փակ օղակ»ի երթը կասեցնելը հաւանաբար այսօր շատ աւելի դժուար է, քան տասնամեակներ կամ դար մը առաջ, սակայն անիկա չի կրնար շարունակուիլ ընդմիշտ։ Չարաշահող խմբակներ, որքան ալ որ իրարու կռնակին կանգնին տարբեր երկինքներու տակ, ի վերջոյ կը ստեղծեն ընդվզումի եւ իրականութեանց իրազեկներու բարձրացող ալիքներ, որոնք կը քշեն-կ՛աւլեն նոյնի՛նքն այդ ալիքներուն ստեղծման պատճառ եղողները։
Մեր այսօրուան աշխարհին մէջ նախանշաններ տեսանելի են մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ։ Պատմութեան նախընթացները ցոյց տուած են, որ անոնց միաւորումն ու հունաւորումը միայն ժամանակի հարց է, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները։ Մարդկութիւնը կարողութիւնը ունի իսկակա՛ն Գարունը եւ ո՛չ թէ արաբական կարգ մը երկիրներու «շնորհուած» գարունը բերելու։
12 Յունիս 2015