ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Այս տարի աւելցած է Հայաստանէն պտուղ-բանջարեղէնի արտածման քանակը։ Այս մասին կը հաղորդէ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:
Ըստ աղբիւրին՝ 22 Յունիսի դրութեամբ Հայաստանէն արտածուած է աւելի քան 28 հազար թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 24 հազար թոնի փոխարէն։ Յատկապէս արտածուած է ծիրան, կեռաս, կաղամբ, լոլիկ:
Նշենք, որ այս պտուղներու եւ բանջարեղէնի արտածման այս տարուան ցուցանիշները կը գերազանցեն նախորդ տարուան ցուցանիշները: Հայաստանի մէջ աճած պտուղ-բանջարեղէնը հիմնականին մէջ կ՛արտածուի Ռուսիա, Վրաստան, Պելոռուս, Ղազախիստան եւ Լեհաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.