ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ԱՐԱՄԵԱՆ
Ապրիլ 12ին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին ընթացքին, Փրանսիսկոս պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տիեզերական վարդապետ կամ ուսուցիչ: Նահատակութեան ու սրբութեան նման աղերսումը պատահական չէր: Հայերը նահատակ ժողովուրդ են եւ շատ թանկ գին վճարած են յանուն սրբութեան եւ ճշմարտութեան: Եւ ահաւասիկ մահուան մարտիրոսութեան հոգիով յաղթած եւ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առած ժողովուրդը մարդկութեան նուիրած է իր ամէնէն մեծ սուրբերէն մէկը:
Իրադարձութիւնը պատմական էր. Նարեկացիի սրբութիւնը, բարեխօսութիւնը եւ ժառանգութիւնը դարձան հոգեւոր կրթութեան եւ կեանքի վերափոխման աղբիւր՝ կաթողիկէ աշխարհին համար: Ասով ոչ թէ պատիւ ընծայուեցաւ Նարեկացիին, որ արդէն պատիւի արժանացած է Աստծոյ կողմէ եւ մարդոց պատիւին կարիքը չունի, այլ Նարեկացիի տիեզերական սրբութիւնը շատերուն համար դարձաւ կենդանի իրականութիւն եւ ուսուցում, օրհնութեան ու լուսաւորութեան աղբիւր: Մարդկութիւնը մեծ հնարաւորութիւն ստացաւ սորվելու հազարամեայ սուրբէն եւ առաջնորդուելու անոր գրութիւններով:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն մեզի հասած գրաւոր ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ անոր «Մատեան»ը, որ գրուած է շուրջ 1000 թուականին եւ ապրած մօտ հազար տարի՝ հանդիսանալով հայ ժողովուրդին հոգեկեցութեան եւ ինքնութեան կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մէկը: Գիրքը գրուած է, ինչպէս կը ծանուցանէ ներածական յիշատակարանը, բազմաթիւ եղբայրներու, անապատականներու եւ ճգնաւորներու խնդրանքով կամ պատուէրով: Այս առումով «Մատեան»ը բիւրեղացումն է ճգնաւորական-հայեցողական կեանքի խտացման, բազմաթիւ մարդոց կատարելութեան փնտռտուքներուն եւ այդ ժամանակաշրջանի հոգեւոր իտէալներուն: Գիրքը նկատուած է իբրեւ հրաշագործ եւ բժշկարար զօրութեան տէր, հետեւաբար անոր հետ կապուած են մարդկային կեանքի զարմանալի վերափոխումներու բազմաթիւ պատմութիւններ: Սուրբ Գիրքէն ետք ան կը համարուի ամէնէն մեծ սրբութիւնը հայերուն համար:
«Մատեան»ը աստուածաբանական-խորհրդական ստուար բովանդակութիւն ունեցող աղօթագիրք մըն է: Ան մեզի կը ներկայացնէ Աստուծմէ հեռացած մարդոց կեանքի ողբերգութիւնը եւ խոր ապաշխարութեան միջոցաւ Աստծոյ միանալու ճամբան: Մարդու ազատագրումը եւ Աստծոյ հետ միաւորումը գիրքի հիմնական թեմաներն են: Ասիկա թերեւս աղօթքի ոլորտին մէջ գրուած ամէնէն հանճարեղ ստեղծագործութիւնն է: Ան միակողմանի դիմում մը չէ Աստծոյ, այլ երկխօսութիւն երկնաւոր Հօր հետ, որ անսահմանօրէն կը սիրէ իր զաւակները: Գիրքին մէջ կը քակուին պահպանողական եւ քարացած բոլոր պատկերացում-պատնէշները, որոնք կը սահմանեն մարդ արարածի վերջին օրուան վիճակը, մեղաւորութիւնը, ոչնչութիւնը եւ անսահման Աստծոյ դիմելու՝ անոնցմէ բխող սահմանափակութիւնները: «Նարեկ»ը Աստծոյ հետ զրոյցի զարմանալի ազատութիւն մըն է:
Աղօթքը մարդու հոգիի ամէնէն բնական վիճակն է: Ինչպէս մարմինը ֆիզիքապէս չի կրնար ապրիլ առանց թթուածինի, այնպէս ալ անոր հոգին՝ առանց աղօթքի: Աղօթքը հոգիի շնչառութիւնն է: Կ՛աղօթեն բոլորը՝ անկախ անկէ թէ իրենք կը գիտակցին անոր թէ ոչ: Ինչպէս բոյսերը ուղղուած են դէպի լոյսը, այնպէս ալ մարդկային հոգիները ուղղուած են դէպի երկնայինը: Ըստ էութեան, իւրաքանչիւր իմաստալից խօսք աղօթք մըն է: Երբ մենք կ՛ըսենք բան մը եւ կը հաւատանք որ մեր ըսածը իմաստ մը ունի եւ ի վերջոյ այդ իմաստն ալ կապուած է վերին իմաստի մը հետ, ապա մենք այդ խօսքի խորհրդանիշին մէջ կը ներառենք աղօթքի տարրը: Բուն աղօթքը հաղորդակցութեան բարձրագոյն դրսեւորումն է, երբ կը մաքրուին իմաստները, բառային տարածքները եւ կը կայանայ մաքուր հաղորդութիւնը իմաստի աղբիւրին հետ: Մարդու խօսելու կարողութիւնը, այս առումով, սրբազնագործութիւն մըն է, որմով կը մարմնաւորուին միտքերը, կը ձեւաւորուի անձեւը… Աստծոյ Որդին մեզի կը ներկայանայ խօսքի խորհրդանիշին մէջ՝ ցոյց տալով խօսքի բարձրագոյն բնոյթը արարչագործութեան մէջ. «Եւ Բանը Աստուած էր… Եւ Բանը մարմին եղաւ…»:
Գիրքը կը ցնցէ մարդը ու կը ցուցընէ աղօթքի եւ ի վերջոյ՝ հոգեւորի նշանակութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Առանց հոգեւորի գիտակցութեան՝ մարդկային կեանքը կը վերածուի ամեէնէն մեծ աղէտի եւ անհեթեթութեան: Մարդիկ յաճախ ասիկա կը զգան, սակայն չեն գիտեր, թէ լուծումը հարթութեան մէջ է: Նարեկացիի «Մատեան»ը՝ իբրեւ մարդկային ողբերգութեան խորագոյն պատկերը, կարելիութիւն կ՛ընձեռէ մեզի մեր կատարելիութեան վերընթացը սկսելու մեր էութեան խորքէն՝ վերացնելով մեր կեանքի խաթարումներու խորք ունեցող պատճառները, եւ Աստծոյ հետ հաղորդակցութիւնը փնտռելու ոչ թէ հեռաւոր անորոշութեան մշուշին, այլ մեր մէջ՝ մեր ներքին տաճարին մէջ: Ինչպէ՞ս. աղօթքո՛վ: Ըստ Ս. Գրիգորի՝ աղօթքը սիրտի ներքին զոհասեղանի վրայ մատուցուող բանական պատարագն է, որ պէտք է մատուցուի մեր հոգիի պարարտութեամբ եւ զօրութեամբ: Մեր զոհաբերութիւնը ընդունելի կ՛ըլլայ այն ատեն, եթէ ան անկեղծ ու ամբողջական ըլլայ: Մենք պէտք է կատարելապէս զմեզ ընծայաբերենք Աստծոյ: Իսկ երբ Աստուած կ՛ընդունի մեզ, այն ատեն մենք Անոր կը պատկանինք: Աղօթքի զոհաբերութեամբ մենք կը դառնանք իրապէս Մարդ՝ Աստծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ:
Նարեկացիի հասցէին հնչած են մեղադրանքներ: Պատճառներէն առաջինը թերեւս այն է, որ կանոնագիտական եւ դաւանաբանական մեղադրանքներ եղած են անոր հօր՝ Խոսրով Անձեւացիի եւ ուսուցիչին՝ Անանիա Նարեկացիի նկատմամբ, որոնք եղած են Ժ. դարու հայ աստուածաբանական մտածումի ամէնէն լուսաւոր դէմքերը: Միւս պատճառը, ըստ երեւոյթին, եղած է Նարեկացիի ենթադրեալ հոգեւոր կապերը կամ յարգալից վերաբերումը այդ օրերու նշանաւոր այլադաւան հոգեւորականներուն հետ: Երրորդ եւ հիմնական պատճառը անոր ստեղծագործութեան իւրայատուկ ազատութիւնը եղած է, որ կը սասանէր եկեղեցական միջավայրին մէջ բոյն դրած պահպանողական կաշկանդումներու հիմքերը:
Գիրքին նկատմամբ ամէն տեղ նոյն վերաբերումը չէ ցուցաբերուած: Ան դիւրընկալելի չէ եւ մարդ արարածէն կը պահանջէ մեծ ճիգ մը: Կարդացուած է վանական միջավայրի մէջ՝ սահմանելով հոգեւոր ձգտումներու եւ ներքին արուեստի բարձրագոյն չափանիշներ: Աշխարհիկ շրջանակներու մէջ մարդիկ յաճախ առանց ընթերցելու տառացիօրէն հաւատացած են անոր զանազան զօրութիւններուն՝ երբեմն յայտնաբերելով ակնյայտ կռապաշտութեան եւ մոգութեան տարրեր: Շուրջ հազար տարի հայ ժողովուրդը այս գիրքին հետ ուղղակի կամ անուղղակի իւրայատուկ երկխօսութեան մէջ եղած է՝ վերածելով զայն հոգեւոր ինքնութեան իտէալի մը: Երկրաւոր իրողութեան տառապանքներու մէջ գտնուող ժողովուրդը իր ինքնութեան աղբիւրը սկսած է տեսնել հոգեղէն ոլորտի մէջ: Այսօր գիրքին խորքը ներթափանցելու համար կան քաղաքակրթական դժուարութիւններ, քանի որ հոգեւոր փնտռտուքի եւ կատարելութեան իտէալը գերիշխող չէ: Սակայն ան չի դադրիր հայ ժողովուրդին համար առանցքային դեր ունենալէ:
Գիրքին մէջ չի գործածուիր «Հայաստան» կամ «հայ» բառը: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ ստեղծագործութեան բնոյթը անանձնական է, ան ամբողջ աշխարհի բոլոր փնտռող մարդոց հաւաքական ձայնն է՝ ուղղուած առ Աստուած: Միւս կողմէ՝ ան նաեւ կ՛ըսէ թէ ստեղծագործութեան հեղինակը ո՛չ թէ ինք է, այլ Աստուած, այսինքն՝ գիրքը մարդկային փնտռտուքներու աստուածային արձագանգն է: Եւ այդ արձագանգը լսելի է: Հեղինակը նաեւ կը մարգարէանայ, նկատի ունենալով որ այդ գիրքով մարդիկ աշխարհի տարբեր ծագերէն պիտի դիմեն Աստծոյ:
Այսօր՝ այդ կը կատարուի. գիրքը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու՝ հանդիսանալով համամարդկային սեփականութիւն: Հարցը լաւ թէ գէշ թարգմանութեան կապուած չէ, քանի որ ըսուածի աշխարհայնացումը կը յաղթահարէ այդ թերութիւնը եւ լեզուամշակութային պատնէշները: Այսօր ալ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ այս գիրքը զարմանալի բացայայտումներու եւ վերափոխումներու աղբիւր կը հանդիսանայ:
Անկասկած, Հռոմի եկեղեցւոյ կողմէ Նարեկացիի վարդապետ հռչակումը առիթ կը հանդիսանայ «Մատեան»ի նոր թարգմանութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու: Այդ ամէնը իր հետ պիտի բերէ մարդկային աղաւաղումներ: Նարեկացիի ճոխութիւնը երբեմն կը շեղեցնէ հոգեւոր անորոշութիւններու մէջ թափառողները: Այո՛, «Մատեան»ը թէ՛ նշանաւոր խօսք է, թէ՛ մտածողութիւն, թէ՛ աստուածաբանութիւն, թէ՛ փիլիսոփայութիւն, եւ այլն: Բայց պէտք է յիշել, որ այդ ամէնը զօրաւոր հոգեւոր ապրումի արդիւնք է: Պէտք է Տաճար մուտք գործել դուռէն: Տաճար թափանցելու մնացեալ ճամբաները պարսաւելի են: Այս գիրք-տաճարի դուռը աղօթքն է: Այդպէս կը պնդէ հեղինակը: Մարդկութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ այս կենդանի աղօթագիրքով առաջնորդուելու: Սակայն նախ մենք՝ այս «Մատեանը» պահպանողներս եւ փայփայողներս, կարիք ունինք իրապէս բանալու այս գիրքը եւ Աստծոյ հետ խօսելու: