ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Դպրոցական տարեշրջանը հասած է իր աւարտին: Ամավերջի վկայականի բաշխման հանդիսութիւններ իրարու կը յաջորդեն:
Մեր տարիներուն երկու վկայական կը ստանայինք: Մանկապարտէզ եւ երկրորդական: Ամերիկայի մէջ, ամէն ինչ առատ է, նոյնիսկ վկայականները:
Մանկապարտէզ, նախակրթարան (5րդ), միջնակարգ (8րդ) երկրորդական (12րդ) եւ իւրաքանչիւր հանդիսութեան աւարտին՝ շքեղ «պարահանդէսներ», ապա՝ տուներու մէջ հաւաքոյթներ:
Երբ այսքան շատ հանդէսներ տեղի կ՛ունենան, վստահաբար եթէ ոչ ամէն տարի, առնուազն երկու տարին անգամ մը ազգականի կամ բարեկամի մը զաւակի հանդէսին ներկայ կը գտնուինք, երբեմն մէկէ աւելի:
Այս տարի միայն մէկ հանդէսի ներկայ գտնուելու բախտին արժանացայ. եղբօրս թոռնիկին մանկապարտէզէն վկայուելու տարին է: Լոս Անճելըսի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի մանկապարտէզէն, յիսուն մատղաշ աշակերտներ բեմի վրայ են՝ ստանալու իրենց կեանքին առաջին վկայականը: «Աւետիսեան» սրահը, բերնէ բերան լեցուած է վկայական ստանալու պատրաստ փոքրիկներուն ծնողներով ու հարազատներով: Ամբողջ տարուան իրենց տարած աշխատանքին արդիւնքը, հպարտութեամբ կը ներկայացուի ներկաներուն:
Ետեւի աթոռներէն մէկուն նստած, դժուարութեամբ կը զանազանեմ եղբօրս թոռնիկը միւս երեխաներէն, մանաւանդ որ բոլորը վկայականի նոյն հագուստը հագած եւ վկայականի գլխարկը գլուխնին՝ իրարու կը նմանին, սակայն բոլորին դէմքերուն վրայ կը նշմարենք նոյն անմեղ ժպիտը:
Յոտնկայս կ՛ունկնդրենք ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները, որոնցմէ անմիջապէս ետք, օրուան հանդիսավարը կը կարդայ պատուարժաններուն եւ յարգարժաններուն անունները: Առաջին շարքը լման գրաւուած է ազգայիններով:
Խմբային պարեր, երգեր ու արտասանութիւններ իրարու կը յաջորդեն: Արհեստավարժ լուսանկարիչ եւ վիտէօ նկարողներ իրենց գործը կը կատարեն բծախնդրօրէն, սակայն ամէն մարդ, ձեռքի բջիջային հեռաձայնով նկարելու ճիգ մը ունի, երբեմն իր ետեւի աթոռին նստողը խանգարելու գնով: Հեռաձայնով առնուած նկարները «կարեւոր» են. քանի մը ժամ ետք պիտի երեւան իրենց դիմատետրերուն էջերուն մէջ:
Օրուան հերոսները մեծ եռանդով խմբովին կ՛արտասանեն երկար տարիներու բազմավաստակ դաստիարակ ուսուցչուհի Գարմէն Տէր Կարապետեանի «Ո՞վ Է Հայը» ոտանաւորը, ուր ուսուցչուհին քանի մը տողերու մէջ տուած է ամբողջ հայոց պատմութիւնը:
«Ո՞վ է Հայը:
Հայը, Հայկ Նահապետի նետ ու աղեղն է,
Մեսրոպ Մաշտոցի այբուբենն է
Սայաթ Նովայի քամանչան է,
Կոմիտաս վարդապետի «Հորովել»ն է,
Ապրիլ 24ի մէկուկէս միլիոն զոհն է,
Մայիս 28ի եռագոյն դրօշն է,
Հայը… ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ» (Հատուած)։
Մարդիկ կան, որոնք հանդարտ չեն կրնար նստիլ ու անդադար տեղ կը փոխեն: Ես տեղ փոխողներէն չեմ. հանդէսի սկիզբէն մինչեւ աւարտը, նոյն աթոռին վրայ նստած մնալով հանդերձ, կը գտնուիմ երկու տեղ: Մարմինով՝ Լոս Անճելըսի Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահ, սակայն միտքով ու յիշողութեամբ կը վերադառնամ աւելի քան 60 տարի ետ, երբ ստացայ մանկապարտէզի վկայականս:
Կը յաճախեմ Էշրէֆիէի Ազգային վարժարանը: Աղքատիկ դպրոց մը, որ ո՛չ հանդիսասրահ ունէր, ո՛չ ալ անուն: Տակաւին բարերար մը չէր գտնուած, որուն անունով կոչուէր վարժարանը, եւ երկար տարիներ տնօրէնին անունով պարզապէս կը կոչէին «Ղազար Չարըխին դպրոցը», (յետագային՝ Չաթալպաշեան վարժարան): Տակաւին «Ազատամարտ» ակումբը չէր կառուցուած, եւ հանդէսի կամ տօնակատարութեան պարագային փոխ կ՛առնէին կամ կը վարձէին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահը: Քանի մը տարի ետք, «Ազատամարտ» ակումբը պատրաստ էր, եւ այդ թուականէն սկսեալ, հանդէսները տեղի կ՛ունենային ակումբի սրահին մէջ, որ կը գտնուէր դպրոցին ու եկեղեցիին ճիշդ դէմը:
Հոն եմ. Էշրէֆիէի «Արարատեան» սրահի բեմին վրայ: Թիւով՝ 40 կամ 45 հոգի մը ըլլալու ենք: Հանդիսավարը պէտք չունի անուններ կարդալով ժամավաճառ ըլլալու։ Առաջին շարքին նստած պատւոյ հիւրերուն մէջ կը կարդայ երկու անուն միայն՝ դպրոցի տնօրէն Ղազար Չարըխ եւ իր կողքին ծերունի տէր հայրը, սպիտակ երկար մօրուքով՝ Տէր Գրիգոր: Մանկապարտիզպանուհին՝ օրիորդ Ալիս Խրիմեան, բեմին անկիւնը մեզի հետ է: Տակաւին յիշողութեանս մէջ թարմ է մեր «մարզանք պար»ը եւ մեր խմբային արտասանած «ոտանաւորը».
«Գնդակ մ՛ունիմ գեղեցիկ,
Գոյնզգոյն է մէկ հատիկ…
Շատ կը սիրեմ գնդակս,
Իմ մէկ հատիկ հաճոյքս» (Հատուած)։
Այդ տարիներուն բացի գնդակէ ի՞նչ հաճոյք ունենալու կարողութիւնը ունէինք:
Կը բաղդատեմ անցեալը ներկային, մեր օրերու արտասանած ոտանաւորը՝ այսօրուանին հետ:
«Ո՞վ է Հայը»: Այսօր պայման է, որ յիշեցում ըլլայ մանուկներուն, թէ ո՞վ է հայը, սակայն մեր տարիներուն կարիքը չկար. հայ էինք ու կորսուելու վտանգէ զերծ, իբր երեխայ, գնդակի մը կարիքը ունէինք միայն: Աւելի՞ն ակնկալել պարզապէս ցնորք էր:
Մարմինով հոս եմ, Լոս Անճելըս, սակայն երեւակայութիւնս վերադարձած է «Արարատեան» սրահ, երբ ես ալ իմ կարգիս բեմին վրայ կանգնած կը ստանայի առաջին վկայականս: Մանկապարտէզի վկայականս: Որքա՜ն պիտի փափաքէի ձեռքերուս մէջ ունենալ այդ վկայականը ու հրճուիլ անոր տեսքով, յիշելով այդ վայրկեանը, երբ մանկապարտիզպանուհին կարդաց անունս, տէր հօր ձեռքը համբուրեցի ու ապա տնօրէնը՝ ժպիտը երեսին, յանձնեց վկայականս, սակայն կեանքիս ամենակարեւոր վկայականը, առաջին ստացած վկայականս կորսուած է առյաւէտ: Ահ ու դողի մէջ հապճեպով Լիբանանէն հեռացայ շատ մը կարեւոր թուղթեր եւ յիշատակելի նկարներ ձգելով հոն, սակայն այս օտար ափերուն, երբ կը տեսնեմ այս մատղաշ ձագուկներուն վկայական ստանալը, անկարելի է, որ չյիշեմ այդ աղքատիկ բեմը, ներկայ ծնողներուն հրճուանքով լեցուն դէմքերը: Այսօր, ի՛մ ալ դէմքիս վրայ կ՛արտացոլայ երջանկութիւնը:
Տակաւին կը յիշեմ դասընկերներէս շատերուն անունները՝ Յակոբը, Հրայրը, Կարօն, Ժանը, երկու Սիրունները, Սօսին, Աղաւնին ու Սալբին: Ո՞ւր են՝ Լիբանա՞ն թէ գաղթաշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը: Մանկապարտէզի դասընկերներէս միայն երկուքին հետ տակաւին կապի մէջ եմ: Հրայր Գոչունեանը՝ Լոս Անճելըս, իսկ Յակոբ Եափուճեանը՝ Լիբանան:
Այսօր, բեմին վրայ գտնուող աշակերտներուն մէջ Կարօ, Յակոբ կամ Հրայրներու քիչ կը հանդիպինք: Փոխարէնը, Կէրի, Ճէք, Փաթրիք կամ Հէրրի կը լսենք: Իգականներու պարագային Սրբուհիի, Սիրունի կամ Վարդուհիի փոխարէն՝ Նաթալի, Քրիսթին եւ Քարոլին: Բարեբախտաբար կը հանդիպինք նաեւ զուտ հայկական անուններու, որոնք նախապէս շատ չէին գործածուեր՝ Փաթիլ, Թալին ու Սարին:
Հանդէսի աւարտին, կը վերադառնանք մեր տուները… քալելով: Մայրս մասունքի պէս կը պահէ ստացած վկայականս, փոքր խաւաքարտէ տուփի մը մէջ, ուր կան նաեւ քանի մը կարեւոր թուղթեր, նամակներ ու նկարներ, ու կը զետեղէ մահճակալին տակը՝ անկիւն մը: Բարեբախտաբար սրահին մէջ նկարիչ ալ գոյութիւն ունի ու նկարած է մեր հանդէսէն տեսարաններ: Տարիներ ետք, Պէյրութ գտնուող դասընկերս, ե-նամակով կը ղրկէ ինծի այդ նկարներէն քանի մը հատը:
Լիբանան գացած երեւակայական «շրջապտոյտէս» կը վերադառնամ իրականութեան: Հանդէսը կը շարունակուի: Աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին եւ տնօրէն Գոսագեանին ձեռքով կը ստանան իրենց վկայականը, սակայն տէր հօր ձեռքը չեն համբուրեր: Այդ սովորութիւնը շատոնց մոռցուած է: Տէր հայրը ներկայ է, սակայն ո՛չ բեմի վրայ: Անոնք վկայական ստանալէ անմիջապէս ետք կ՛ուղղուին բեմին կեդրոնը եւ կը յայտարարեն ինքնավստահ.
«Երբ ես մեծնամ, բժիշկ պիտի ըլլամ»։
«Ոստիկան պիտի ըլլամ եւ չարերը բանտ պիտի տանիմ»։
«Մարդամեքենայ պիտի շինեմ»։
«Պապայիս պէս վաճառական պիտի ըլլամ»:
Մեր օրերուն ո՞վ կը մտածէր, թէ մեծնալէն ետք ի՞նչ պիտի դառնայ: Շատեր, հազիւ նախակրթարանի վկայականը ստացած, (ոմանք նոյնիսկ նախքան աւարտելը), կը նետուէին կեանքի ասպարէզ, արհեստ մը սորվելով օգտակար հանդիսանալու իրենց ծնողքին, անոնց նիւթական ծանր վիճակը թեթեւցնելով: Քիչ էին երկրորդական վարժարան յաճախողները: Շատ աւելի քիչ էին երկրորդականէն ետք բարձրագոյն ուսում ստացողներուն թիւը: Այսօր, գոնէ Ամերիկայի մէջ, չկայ աշակերտ մը, որ գոհանայ երկրորդականի վկայականով: Արհեստաւոր հայ երիտասարդներ մատի վրայ կը համրուին:
Մեր օրերուն հայկական վարժարան չուղարկելու մտահոգութիւն չկար:Քանի մը մեծահարուստներ միայն, կը նախընտրէին իրենց զաւակները օտար դպրոց ուղարկելով հպարտանալ, եռապատիկ կամ քառապատիկ կրթաթոշակ վճարելով, սակայն ներկայիս, հայկական վարժարան չուղարկողները, մեծամասնութեամբ նիւթական դժուարութիւն ունեցողներն են:
Հանդէսը հասած է իր աւարտին: Ամէն մարդ կ՛ուղղուի իր տունը… շքեղ ինքնաշարժներով: Վստահաբար, իւրաքանչիւր վկայեալ աշակերտի տան մէջ այդ երեկոյ հաւաքոյթ մը տեղի կ՛ունենայ: Վկայուածները կը ստանան անհամար նուէրներ, սակայն քանի՞ հոգի որպէս նուէր կը ստանայ հայերէն գիրք մը: Գի՞րք ստանալ որպէս վկայականի նուէր: Այդ մէկը մեր «յետամնաց» սերունդին յարմար է: Ելեքտրոնային խաղերը կեցած տեղը, ո՞ր պզտիկը պիտի նախընտրէ գիրք կարդալ. ո՞ր ծնողքը պիտի փորձէ իր զաւակին մէջ արթնցնե հայերէն գիրք կարդալու սէրը: Ծնողները, իրենք ունի՞ն այդ սէրը կամ սովորութիւնը:
Կը կասկածիմ:
Մեր օրերէն մինչեւ այսօր հայ ուսուցչուհիներու սէրն ու գուրգուրանքը հայ փոքրիկներուն հանդէպ նոյնը մնացած է: Եղած են երկրորդ մայր հայ մանուկին: Իրենց շնորհիւ է նաեւ որ շատ բան փոխուած է այս օրերուս: Նոր սերունդին մէջ արթնցուցած են հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան զգացում: Հպարտութիւն՝ մեր ազգին նկատմամբ:
«Մենք քիչ ենք, սակայն… մեզ հայ են ասում» (Պարոյր Սեւակ):
Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի հանդէսներուն ականատես կ՛ըլլանք հայկականութիւն բուրող, մեր հոգիները ցնցող տեսարաններու, փաստը՝ ես ապրեցայ Ֆերահեան վարժարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան, երբ մատղաշ երեխաները իրենց ձեռքերը երկինք բարձրացուցած՝ միաբերան թնդացուցին սրահը.
«Հայը, Մայիս 28ի եռագոյն դրօշն է.
Հայը… ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ»: