Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նինոծմինտայի «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ, Յունիս 19ին:
Ծրագիրին կը մասնակցին Վրաստանի աւելի քան 80 ժամանակակից գրողներ, որոնք արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր խումբերու բաժնուած են եւ կը շրջին երկրի տարբեր քաղաքապետարաններ, կը հանդիպին գրասէր հանրութեան հետ: Անոնց կը միանան նաեւ տեղի այլ ազգի ստեղծագործողներ:
Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի, ՎՀԳ «Վերնատուն» միութեան կողմէ ձեռնարկին կը մասնակցէին բանաստեղծ-արձակագիրներ Գոչա Սխիլաձէ, Լելա Ցուցքիրիձէ, Իռմա Մալցիձէ, Նաթիա Գարատն եւ բանաստեղծ-թարգմանիչ Ռոպերթ Մեսխի:
Հայ գրողներէն հանդիպման եկած էին Գէորգ Սնխչեան, Յովհաննէս Մարիկեան եւ Նազելի Նայիրի: Անոնք վրացերէնով, հայերէնով եւ ռուսերէնով կարդացին իրենց ստեղծագործութիւնները, խօսեցան հայ եւ վրաց գրականութիւններուն յաւերժ կենդանի կապերուն եւ առնչութիւններուն մասին:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին թիֆլիսեան տարերային աղէտի զոհերու յիշատակը:
Հանդիպման մասնակցեցան քաղաքապետարանի մշակոյթի ծառայութեան, հանրային գրադարաններու, երաժշտական դպրոցի, «Արեւիկ» կեդրոնի աշխատակիցներ եւ ընթերցողներ:
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցան ծրագիրի համակարգող Մարինա Ծիկլաուրի, մշակոյթի ծառայութեան բաժինի վարիչ Լաուրա Ղազարեան, «Ռæ» կեդրոնի տնօրէն Ժորա (Գէորգ) Սնխչեան: Հանդիպման կը մասնակցէր շրջանի հոգեւոր հովիւ Արմաշ քհնյ. Պօղոսեան:
ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ