ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ». Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 26 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի ռուսական կողմի նախագահ, Ռուսիոյ երթեւեկութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Անդրադառնալով Երեւանի մէջ արդէն քանի մը օրէ ի վեր տեղի ունեցող ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցին՝ Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ որոշ փորձագէտներ կը փորձեն այդ բոլորին մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ փնտռել: Ան ընդգծած է, թէ իրեն կ՛ուրախացնէ այն փաստը, որ ցուցարարները իրենք կը հաստատեն այդ ենթադրութիւններուն անհեթեթութիւնը:
Նախագահը տեղեկացուցած է հիւրերուն, որ Հայաստանի մէջ ստիպուած դիմեցին ժողովրդականութիւն չվայելող քայլի՝ հաշուի առնելով հայկական դրամի սղաճի մակարդակը եւ արտադրուող ելետրականութեան արժէքի բարձրացումը: Ըստ անոր՝ անշուշտ, հաշուի առնուած են նաեւ սակագինի բարձրացման նպաստներու միջոցով անապահով ընտանիքներու ընկերային աջակցութեան հարցերը: Երէկ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց, շուրջ 105 հազար ընտանիքի, այսինքն՝ հանրապետութեան շուրջ 400 հազար քաղաքացիի փոխհատուցում հայթայթել: Նոր սակագինի հաշուարկումը իր մէջ չի ներառներ ելեկտրաբաշխ ցանցերու գործունէութեան հնարաւոր բացթողումներուն հետ կապուած կորուստները:
Ըստ նախագահին՝ ճիշդ պիտի ըլլար, որ միջկառավարական յանձնաժողովը իւրայատուկ ուշադրութիւն դարձնէր Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններու գործունէութեան: Ռուսիա Հայաստանի առաջին ներդրողն է՝ Ռուսիոյ համախառն ներդրումները կազմած են աւելի քան 3 միլիառ ԱՄՆ տոլար, ինչ որ Հայաստանի տնտեսութեան համար լուրջ թիւ է: «Մենք մի կողմից ուզում ենք, որ դուք զբաղուէք այդ ներդրումների պաշտպանութեամբ, իսկ միւս կողմից տուեալ հարցին նայէք այդ ընկերութիւնների սոցիալական պատասխանատուութեան տեսանկիւնից», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը նշած է, թէ ճիշդ կ՛ըլլար, որ միջկառավարական յանձնաժողովին կողմէ դիտարկուէր «ԻնտերՌաուոես» ընկերութեան դուստր ձեռնարկութեան՝ Հայաստանի բաշխիչ ցանցերու գործունէութեան մանրազնին ստուգման հնարաւորութիւնը անոնց ամբողջ գործունէութեան ընթացքին համար՝ փորձագիտական հանրութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ելեկտրականութեան ոլորտէն ներս բաշխիչ ընկերութեան գործունէութիւնը, Մաքսիմ Սոքոլովի միջկառավարական յանձնաժողովի նիստէն ետք ՀՀ կառավարութեան շէնքին մէջ փոխվարչապետի, ելեկտրականութեան նախարարի, հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի ղեկավարին հետ մանրամասնօրէն դիտարկած են նախկին ժամանակաշրջանին, այդ ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը: Նշուած է, որ կայ յստակ ծրագիր՝ այդ ձեռնարկութիւնը ճգնաժամային վիճակէն դուրս բերելու համար, որոշ միջոցառումներով եւ զանոնք իրականացնելու ժամանակացոյցով եւ անհրաժեշտ միջոցներով:
ՀՀ նախագահի առաջարկին հետ կապուած՝ Մաքսիմ Սոքոլով նշած է, որ միջկառավարական յանձնաժողովի հովանիին տակ կը կազմակերպուի ընկերութեան գործունէութեան վերստուգումը՝ ներգրաւելով փորձագէտներու, բոլոր շահագրգռուած կողմերու ներկայացուցիչներուն, այդ բոլորը իրականացնելով առաւելագոյնս բաց եւ թափանցիկ, որպէսզի հաշուեքննութեան արդիւնքներով բոլորին հասկնալի եւ միանշանակ ըլլայ իրավիճակը, եւ ոչ մէկուն մօտ հարցեր ծագին: