ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 26 Յունիսին ցաւակցագիր յղած է Հռոմի Ֆրանսիս պապին՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման առիթով:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին համաձայն՝ վեհափառը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութեան անունով վշտակցութիւն յայտնած է պապին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին եւ հաւատացեալներուն, լուսարձակի տակ առած է լուսահոգի պատրիարքին երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.