ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բաղրամեան եւ Օփերա: Ելեկտրականութեան սակի թանկացման դէմ պայքարը տեղքայլ արձանագրեց շաբաթավերջին, նոյնիսկ ամբողջ շարժումը վտանգուելու սպառնալիքին դէմ առ դէմ գտնուեցաւ:
Ինչպէս «Ոչ թալանին» շարժումի գործիչներէն մէկը ճշգրիտ կերպով բնութագրեց՝ ճատրակի մրցում է կարծես, որ կ՛ընթանայ մէկ կողմէ, ընդդիմութիւն պառակտելու մեծ վարպետութիւն ձեռք ձգած նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ միւս կողմէ, միայն իրենց համոզումներուն ու սկզբունքներուն զինանոցող հարուստ երիտասարդ գործիչներու:
Պէտք է հաստատել, որ մինչեւ շաբաթավերջ, նախագահ Սար-գսեանի բոլոր ճարպիկ քայլերը ձախողութեան մատնուեցան նոյն այդ համոզումներուն ու սկզբունքներուն ուժով:
Նստացոյցը Բաղրամեանէն Օփերա փոխադրելու եւ Երկուշաբթի երեկոյ զայն աւարտելու «Ոչ թալանին» շարժումի ղեկավարներու որոշումը, որ հասկնալի եւ ընդունելի չեղաւ ցուցարարներու մեծագոյն մասին, հարուածեց պայքարի ուժականութիւնը, ընդհանրապէս շարժումը պառակտելու յոյսեր ներշնչելով իշխանութեան:
Փորձի պակասը կրնայ դեր խաղցած ըլլայ այս վիճակի ստեղծման: Յամենայնդէպս, շարժումի ներշնչումը օտար ուժերու վերագրողներուն գոնէ յստակ պատասխան մը կայ այս անփորձութեան դրսեւորման մէջ: Կեդրոնէ մը ղեկավարուող շարժումը չէր կրնար այսպիսի շեղում ունենալ:
Շարժումի մասնակիցները, ժողովրդային բազմութիւնը, ինքն ալ իր փորձը բերաւ պայքարին, պնդելով մնալ Բաղրամեան պողոտային վրայ, մինչեւ որ յստակ պատասխան ստանայ իր ձեւակերպած պահանջներուն:
Մենք յոյս ունինք, որ թէ՛ Օփերա գացողները եւ թէ բաղրամեանցիները պիտի կարենան ճիշդ գնահատել նախագահ Սարգսեանի ճատրակի յաջող շարժումը եւ պիտի կարենան փոխհամաձայնեցնել իրենց գործողութիւնները, նախընտրաբար վերադառնալով մէկ ճակատով պայքարելու ռազմավարութեան: