Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ Ֆրանսայի Պուք-Պել-Էյր քաղաքի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած էր քաղաքի մուտքի հրապարակը անուանակոչել Հանրի Վերնէոյի անունով:
Հրապարակի բացման ներկայ էին Պուք-Պել-Էյրի քաղաքապետ Ռիշար Մալիէ, Հանրի Վերնէոյի կինը եւ անոնց զաւակները՝ Սոֆի եւ Փաթրիք Մալաքեաններու ընտանիքները, հոգեւոր հայրեր, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։
Բացման խօսքով քաղաքապետ Ռիշար Մալիէ նշեց, որ 100 տարի անցած է Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած ամենամեծ ոճրագործութենէն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն, բայց Թուրքիա եւ միջազգային ամբողջ հանրութիւնը դեռ չէ ճանչցած զայն: Սակայն քիչ չեն գիտակից մարդիկ, յատկապէս՝ արուեստագէտներ, որոնք իրենց արուեստով կը փորձեն դարձեալ դատապարտել Թուրքիան ու կոչ կ՛ընեն՝ ճանչնալու հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը: Անոնց շարքին էր նաեւ բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյ, որ գեղարուեստական ֆիլմի լեզուով փոխանցեց այն, ինչը ճառերով կամ վաւերագրական ժապաւէնով անհնար է ըսել:
Հանրի Վերնէոյի դուստրը՝ Սոֆի Մալաքեան, իր շնորհակալական խօսքին մէջ նշեց, որ իր ընտանիքի պատմութիւնը ներկայացնող «Մայրիկ» եւ «Փարատի Փողոց, Թիւ 588» ֆիլմերուն մէջ իր հայրը կրցաւ պատկերաւոր եւ ճշմարտացի նկարագրել Եղեռնէն մազապուրծ՝ Մարսէյ ապաստանած հայ փախստականներուն վիճակը, յուզելով ամբողջ աշխարհը եւ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը յաղթահարած հայ գաղթականներու՝ մահը եւ բոլոր դժուարութիւները յաղթահարելու կամքը: