ՊՈԼԻՍ, «Երկիր Մեդիա».- «Մարմարա» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը դադրեցուցած է ազգային փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ աշակերտներ արձանագրելու ատեն կիրառուող գաղտնաթիւերու օգտագործումը:
Վերջերս բացայատուած էր, որ կրթութեան նախարարութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններէն իւրաքանչիւրին առանձին թիւով կը նշէր, ինչպէս օրինակ՝ 1ը յոյներուն գաղտնաթիւն էր, 2ը՝ հայերուն, 3ը՝ հրեաներուն, 4ը՝ ասորիներուն:
Ազգային միւս փոքրամասնութիւններուն համար կը կիրառուէր 5 թիւը:
Այս գաղտնաթիւերու գործածումը մամուլի եւ որոշ շրջանակներու լուրջ քննադատութեան արժանացած էր: Նախապէս ազգային փոքրամասնութիւններու վարժարան ընդունուելու համար կը պահանջուէր ծնողներու խնդրագիրը՝ կրթութեան վարչութեան վաւերացումով: Այժմ դպրոց ընդունուելու համար անհրաժեշտ է միայն անձնագիր:
Երկրորդ դրական փոփոխութիւնը կը վերաբերի փոքրամասնութիւններու դպրոցներու թր-քերէնի ուսուցիչներու՝ կրթական տնօրինութեան կողմէ նշանակուելուն: Անոնք միայն 6 տարի կրնային պաշտօնավարել, յետոյ նոր ուսուցիչ կը նշանակուէր: Հիմա, 6 տարին անցնելէն ետք, դպրոցի տնօրինութեան խնդրանքով, ուսուցիչը կրնայ իր աշխատանքը շարունակել: