ԳԱՀԻՐԷ.- «Ուըրլտ Նեթ Տէյլի» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս Թուրքիան կ՛ամբաստանէ շրջանին մէջ «Իսլամական պետութեան» (ՏԱԷՇի) զինեալներուն ճամբորդութիւնները դիւրացնելու համար 10 հազար անցագիր տրամադրելուն մէջ:
Եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատար մը «Ուըրլտ Նեթ Տէյլի»ին յայտնած է, որ Եգիպտոս այս իրողութեան վերաբերեալ զեկուցում մը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն:
Պաշտօնատարը նաեւ նշեց, որ Պոլիսը կը ծառայէ իբրեւ ՏԱԷՇի ծրագրաւորման «կեդրոնատեղի»:
«Թուրքիա կը շարունակէ ՏԱԷՇի զինեալներուն դէպի Իրաք եւ Սուրիա ազատ անցքը արտօնել», աւելցուցած է ան: