ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Գիւմրեցի գործիչներ իրաւապահ մարմիններէն կ՛ակնկալեն Կարէն Պետրոսեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի դադրեցում: Այս մասին կը գրէ Արմէնուհի Մխոյեան։
Կարէն Պետրոսեան կը մեղադրուի 23 Յունիսին ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ Գիւրմիի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն ընթացքինի խուլիգանութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ: Յունիս 23ին գիւմրեցի 13 գործիչներ բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան Կումայրի բաժին: Խուլիգանութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ բերման ենթարկուած 12 գործիչները հարցաքննուեցան որպէս վկայ, իսկ Կարէն Պետրոսեան՝ որպէս կասկածելի, աւելի ուշ անոր նկատմամբ քրէական գործ յարուցուեցաւ՝ թիւ 205 յօդուածով:
8 Յուլիսին գործիչները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը Կարէն Պետրոսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում կատարելու որոշման նկատմամբ: Վերջիններս կոչ ուղղեցին իրաւասու մարմիններուն անյապաղ դադրեցնելու տնտեսագիտական դոցենտ Կարէն Պետրոսեանի նկատմամբ յարուցած քրէական գործը: «Գնահատելով սոյն գործընթացում ներգրաւուած անձանց ջանքերը եւ անսալով Շիրակի թեմի առաջնորդ տէր Միքայէլ եպս. Աջապահեանի յորդորին՝ պատրաստակամ ենք եւս մի քանի օր անցկացնել կարճման որոշման սպասման մէջ: Այդ սպասումը չի կարող աւելի երկար լինել» քան Յուլիսի 14ը: Այդ ընթացքում լուծումներ չտեսնելու դէպքում մեզանից իւրաքանչիւրն այլեւս իրեն ազատ է համարում արձագանգել իրաւական պաշտպանութեան բազմազան գործողութիւններով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.