ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 11 Յուլիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդման նախարար Ալի Չանաթին, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Երեւանի մէջ կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Մշակութային քաղաքականութիւն, քաղաքականութիւն մշակոյթի համար» խորագիրով միջազգային համագումարին:
«Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են, մեր բարեկամութիւնը՝ յաւերժական: Պէտք է ամէն ինչ ընել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու զարգացման մեծ ներուժ ունեցող հայ-իրանական յարաբերութիւնները՝ ի բարօրութիւն երկու ժողովուրդներուն եւ ի նպաստ մշակոյթներուն: Մենք իրարմով կը հարստանանք եւ զիրար կը հարստացնենք՝ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին աշխարհին հետ կապեր հաստատելով մեր մշակոյթներու հարուստ լեզուով», նախագահի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան հաղորդումով ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի տարածքին գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին եւ այդ ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար՝ վստահեցնելով, որ Հայաստանի մէջ եւս իրանական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ նոյնպիսի վերաբերմունք գոյութիւն ունի: