ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Միացեալ Նահանգներու դրօշին ներքոյ հանդէս եկող ծանրաբարձ Նորայր Վարդանեան Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցող Համա-Ամերիկեան խաղերուն տիրացած է արծաթ մետալի: Ան անուանի ծանրաբարձ, Հայաստանի մարմակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարար Եուրի Վարդանեանի որդին է:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Վարդանեան 94 քկ. դասակարգին մէջ երկամարտի 362 քկ. արդիւնք արձանագրած է ամերիկացի Կենտրիք Ֆարիսուին զիջելով 4 քկ.։ Այս մասին կը յայտնէ The Shreveport Times-ը։
Նորայր Վարդանեան ծնած է 1987ին, Գիւմրի: Անոր ընտանիքը 1991ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր երիտասարդ մարզիկը սկսած է զբաղելու ծանր աթլէթով՝ հօր գլխաւորութեամբ: 2008ին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մինչեւ 94 քկ. ծանրութեան դասակարգի ախոյեան։ 2009ին ընտանիքին հետ վերադարձած է Հայաստան՝ միանալով երկրի ազգային հաւաքականին: 2012ին Հայաստանի դրօշին ներքոյ հանդէս գալով մասնակցած է Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն՝ գրաւելով 11րդ դիրքը։