ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 15ին, Իսրայէլի խորհրդարանի խօսնակ Եուլի Էտելշթէյն յոյս յայտնած է, որ համախոհական իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ ընդդիմութիւնը կրնան միանալ եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Jerusalem Post»էն քաղելով՝ «Նիուզ» կը փոխանցէ, որ Էտելշթէյն այդ ճանաչումը չի կապեր Թուրքիոյ հետ «մկաններու պայքար»ին: Ան նաեւ նշած է, որ այդ քայլը չէ համաձայնեցուած կառավարութեան հետ:
«Հայերը մեր ամենամեծ ընկերները չեն: Անոնք երբեք ՄԱԿի մէջ մեզի հետ չեն քուէարկեր: Ես փոխադարձ ոչինչ կը սպասեմ. ասիկա քաղաքական որոշում չէ», աւելցուցած է ան: