ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցի լուծման ի խնդիր, Իմրալըի մէջ Օճալանի հետ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւնները դադրած են՝ քաղաքական ներքին վերիվայրումներու հետեւանքով։ Բանակցութիւնները յաճախ կ՛ընթանային ընդհատումներով, իսկ քրտական շրջանակները կառավարութիւնը կը քննադատէին ձգձգողական քաղաքականութիւն վարելու մեղադրանքով։ Քիւրտ պատուիրակութեան մը Իմրալը երթալը եւ Օճալանի հետ տեսակցիլը միշտ խնդրայարոյց հարց եղած էր։ Իսկ ընտրութիւններու նախօրեակին, կարծես շփումները բոլորովին դադրեցան։
Այս պայմաններու լոյսին տակ հետաքրքրական են այն շշուկները, որոնք կը պնդեն, թէ պետութիւնը կը շարունակէ պարբերաբար տեսակցիլ Ապտուլլահ Օճալանի հետ։ Այս մասին հաստատում մը կատարած է «Հէ.Տէ.Փէ.» կուսակցութեան խմբակի փոխնախագահ Փերվին Պուլտան։
Պուլտան նախ դժգոհած է՝ դիտել տալով, որ Օճալան 27 Յուլիսէն ի վեր իր փաստաբաններուն հետ չէ կրցած խօսիլ, իսկ 5 Ապրիլէն ի վեր «Հէ.Տէ.Փէ.»ի պատուիրակութիւնը չէ կրցած Իմրալը երթալ ու տեսակցիլ Օճալանի հետ։ Պուլտան, որ միշտ Իմրալը մեկնող պատուիրակութեան անդամներէն մէկը եղած է, նշած է, որ իրենք այս մասին գանգատ ներկայացուցած են շահագրգիռ նախարարներու եւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են ընդմիջուած բանակցութիւններուն կապակցութեամբ, սակայն կառավարութեան ներկայացուցիչները ըսած են, որ պէտք է սպասել նոր կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի բանակցութիւնները անմիջապէս վերսկսին։ Այսուհանդերձ, Պուլտան, անդրադառնալով այս մասին շրջող կարգ մը շշուկներու՝ ինք իր կարգին եւս հաստատած է, որ թէեւ այցելութիւններն ու բանակցութիւնները ընդհատուած են, պետութիւնը կը շարունակէ պարբերաբար բանակցիլ Օճալանի հետ։
Վերջերս «Փէ.Քէ.Քէ.»ի ճիւղերէն մէկը հանդիսացող «Քէ.Ճէ.Քէ.»ն բաւական կծու հաղորդագրութիւն մը հրատարակած էր ու սպառնալիքներ ընելով դիտել տուած, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւր ձերբակալութեան պատասխան պիտի տրուի՝ փոխադարձելով, իսկ բոլոր ամբարտակները եւ ամբարտակներու շինութեան համար գործածուող գործիքները թիրախ պիտի ընտրուին փոխադարձ յարձակումներու համար։ Անդրադառնալով այս սպառնալիքին՝ Պուլտան պատասխանած է, որ «Քէ.Ճէ.Քէ.»ի յայտարարութիւնը սպառնալիք չէ, այլ՝ զգուշութեան հրաւէր մը։ Պուլտան նաեւ ըսած է, թէ այնքան ատեն, որ Օճալան «աւարտեցաւ» չէ ըսած, «Քէ.Ճէ.Քէ.»ն չ՛ուզեր կամ չի կրնար վերջ տալ հաշտութեան գործընթացին։