ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է արհեստավարժ կռփամարտի երկրորդ միջին կարգի, «WBO»ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ անոր մրցակից Ռոպըրթ Շտիկլիցի կշռելու արարողութիւնը։
Արթուր Աբրահամ կը կշռէ 76 քկ., Ռոպըրթ Շտիկլից՝ 75.9 քկ.: Անոնց միջեւ կայացած 4րդ հանդիպումն է ասիկա։ Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 18 Յուլիսին, կռփամարտիկները պիտի պայքարին WBO ախոյեանական գօտիին համար, որ կը պատկանի Արթուր Աբրահամին: Մրցումը պիտի սփռուի գերմանական SAT1-էն եւ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն (18 Յուլիսէն 19 Յուլիս լուսցող գիշերը՝ շուրջ ժամը 2։00ին–Երեւանի ժամանակացոյցով)։