ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- 2015ի Յուլիս 16-19, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս գումարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի 95րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը:
Պատկառելի այս ժողովին բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 16 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5ին. ընթացքին, ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Փալթայեան, որ նաեւ փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, շրջանի ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան շրջանի կապ Անի Քէշիշեան եւ Շրջանային վարչութեան համա-ատենապետուհիներ Ռեպեքա Պէրպէրեան եւ Մարալ Մաթոսեան:
Ժողովը նաեւ վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգեց յիշատակը նախորդ աշխատանքային տարեշրջանին կեանքէն առյաւէտ հեռացած ընկերուհիներուն, որոնց անուններն ու նկարները եւս ցուցադրուեցան:
Պատկառելի այս չորսօրեայ ժողովի դիւանի պարտականութիւնը կատարեցին ատենապետներ Նայիրի Տէրտէրեան (հայերէն) եւ Լարա Գազանճեան (անգլերէն), անգլերէնի քարտուղարութիւնը՝ Մարալ Փօլատեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան, իսկ հայերէնի՝ Մանուշակ Տէկիրմէնճեան եւ Անգինէ Յակոբեան:
Ժողովին անհրաժեշտ յանձնախումբերու եւ խորհրդակցական հրաւիրեալներու ընտրութենէն ետք, ժողովականները նախ լուսաբանական հարցումներով եւ համապատասխան պատասխաններով մօտէն ծանօթացան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու եւ Հոգեբանական կեդրոնի աշխատանքներուն: Անոնք նաեւ ունկնդրեցին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը: Ապա տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրներու քննարկումները, որմէ ետք ժողովը միաձայնութեամբ յոյժ գնահատելի գտաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան տարեկան գործունէութիւնը:
Առանձինն օրակարգով, ժողովականները խմբակներու բաժնուելով՝ քննեցին եւ համադրեցին մասնաճիւղերէն ներկայացուած առաջարկները: Եղան նաեւ անհատական առաջարկներ: Ժողովը որդեգրեց օգտակար եւ կարեւոր բանաձեւեր, ինչպէս նաեւ վաւերացուց Շրջանային վարչութեան երկամեայ նախահաշիւը: Այնուհետեւ, հետեւեալ ընկերուհիները Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան յառաջիկայ երկու տարիներուն համար.
Ռիթա Հինդլեան, Ռեպեքա Պէրպէրեան, Այտա Պապայեան, Սաթենիկ Ղազարեան, Մարալ Մաթոսեան, Վիքի Քաթարոյեան, Մարօ Փափազեան, Թամար Ուրիշեան եւ Նանիկ Քիւփէլեան:
Ժողովը նաեւ ընտրեց չորս պատգամաւորներ՝ ներկայացնելու շրջանը ՀՕՄի Համահայկական ժողովին, որ պիտի գումարուի Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ: Շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն այս ժողովին մասին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք յառաջիկային: