ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրող Արմէն Քոլոյեան կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ՝ Սուրիոյ սահմանէն ոչ հեռու գտնուող Սուրուչ աւանին մէջ, 20 Յուլիսին հանրային հաւաքի մը ընթացքին տեղի ունեցած է ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած են 28 անձեր, եւ վիրաւորուած են 100 ուրիշներ:
Ռումբը պայթած է Սուրուչի «Ամարա» մշակութային կեդրոնի բացօթեայ տաղաւարին մօտ, ուր հաւաքուած Ընկերվարական երիտասարդական միութեան շուրջ երեք հարիւր գործիչներ աւանի բնակիչներուն եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէին գումար տրամադրել Սուրիոյ պատերազմէն աւերուած Քոպանի քրտական քաղաքին վերակառուցման համար։
Երիտասարդ ընկերվարականները մտադիր էին երթալ Քոպանի եւ մասնակցիլ քաղաքի վերականգման աշխատանքներուն: Թրքական Սուրուչէն սուրիական Քոպանի շուրջ տասը քիլոմեթր է: Սահմանին թէ՛ այս, թէ՛ այն կողմերու բնակիչներուն մեծ մասը քիւրտեր են:
Պայթումէն քանի մը վայրկեան ետք դէպքի վայր ժամանած են ոստիկաններու խումբերը եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ։ Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ աւանին մէջ կը տիրէր աննկարագրելի խուճապ, լաց ու կոծ։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած շուրջ հարիւր քաղաքացիներ տեղափոխուած են Սուրուչի հիւանդանոցներ, անոնց մէջ կան ծանր պարագաներ, ինչ որ չի բացառեր, որ զոհերուն թիւը աւելնայ:
Երկու թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ «Ռոյթըրզ»ի թղթակիցին ըսած են, թէ, ամենայն հաւանականութեամբ, պայթումը կատարած են «Իսլամական պետութեան» հետեւորդները:
Սուրուչի մէջ որոտացած պայթումէն քիչ ետք անձնասպանական գործողութիւն կատարող մը Քոպանիի անցակէտին մօտ ռումբ պայթեցուցած է. սպաննուած են երկու քիւրտ զինուորներ:
«Թի.Առ.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն՝ ահաբեկչական գործողութեան արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահը: «Ահաբեկչութիւնը ազգ, կրօն, հայրենիք չի ճանչնար: Այդ չարիքին դէմ պէտք է համընդհանուր պայքար մղել», յայտնած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: