ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 23 Յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան: Այս մասին կը յայտնեն պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿի ծիրին մէջ ռազմական համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ կատարուելիքները: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է կազմակերպութեան ծիրին մէջ կայանալիք «Փոխգործակցութիւն» եւ «Անքակտելի եղբայրութիւն» զօրավարժութիւններուն վերաբերող հարցերուն։
Պաշտպանութեան նախարարը ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարին ծանօթացուցած է Հայաստանի մէջ վերջինիս հիւրընկալութեան առնչուած կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքը:
Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին ու մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող անվտանգութեան միջավայրին եւ հաւանական զարգացումներուն։