ԵՐԵՒԱՆ.– 24 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնած է, որ սահմանին վրայ լարուածութիւն ստեղծելով Ատրպէյճան կը փորձէ իրեն համար շահեկան պայմաններ ստեղծել կամ կորզել։ Ան նշած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ յաջողութեան կարելի է հասնիլ երկխօսութեամբ, փոխադարձ վստահութեամբ, շփման գիծին մէջ վստահութեան պայմաններու ստեղծման համար նոր մեքանիզմներու ձեւաւորմամբ, անկասկած նաեւ՝ բանակցային ամբողջ գործընթացով՝ միշտ հիմք ունենալով այն, որ պէտք է զերծ մնալ ուժի գործածութենէ։
«Եթէ ցանկանում ենք լուծել հարցը ապա պէտք չէ ուժ կիրառել, այլ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել: Մենք միակողմանի ազդեցութեան տակ երբեւիցէ ընկնող չենք», ըսած է նախարարը:
Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին կատարած այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանի մէջ քար քարի վրայ պիտի չձգեն՝ Սէյրան Օհանեան ըսած է. «Ես կը յորդորէի, որ մեր հակառակորդներն այս պահին, երբ մենք բոլորս ցանկանում ենք, որ հանդիպումներ լինեն, բանակցային գործընթացը կառուցողական ընթացք ստանայ, զերծ մնան հռետորաբանութիւնից, տարբեր տիպի՝ անկապ խօսակցութիւններից. սա կ՛անենք, նա կ՛անենք, քարը քարի վրայ չենք թողնում: Քարը քարին չթողնողը, երեւի թէ, արցախեան ազատամարտի ժամանակ ամէն ինչ կը թողնէր եւ կը գար կը պաշտպանէր իր հայրենիքը»:
Ան ըսած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը այս տարիներուն խելացի կերպով կը կատարեն պաշտպանութիւնը եւ կը հակազդեն կատարուած բոլոր ոտնձգութիւններուն:
«Դեռ աւելին, մեր զինծառայողների հմուտ գործողութիւններով, սպառազինութեամբ եւ ռազմական տեխնիկայի արդիականացման, նոր միջոցների ձեռքբերմամբ մենք զսպման մեխանիզմներ ենք ստեղծում: Ամենակարեւորն այն է, որ մենք ունենք զինուոր բարձր մարտական ոգով եւ բարոյահոգեբանական մակարդակով, որը եւ արցախեան ազատամարտի ժամանակ է կռուել եւ այսօր էլ կանգնած է սահմանին եւ գերազանց կերպով յանձնում իր վրայ դրուած քննութիւնը», յայտնած է ան: