ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի «Դիզակ Պլիւս» տպարանէն լոյս տեսած են ռուսաստանաբնակ արձակագիր Լեւոն Ադեանի «Անձրեւից Յետոյ» եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող Նելլի Աւաքովայի «Ղարաբաղ. Ցաւ Եւ Յիշողութիւն» գիրքերը:
Զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 7 Օգոստոսին «Արմէնիա» պանդոկի համագումարներու դահլիճին մէջ: Բացման խօսքին մէջ Լ. Ադեանի գիրքի խմբագիր Միքայէլ Հաճեան՝ ներկայացնելով հեղինակներուն կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, նշած է, որ ապրելով ու ստեղծագործելով հայրենիքէն հեռու՝ անոնք իրենց գրական գործերը ամբողջութեամբ նուիրած են հայրենի Արցախին:
Այնուհետեւ ներկաները անդրադարձած են Լեւոն Ադեանի «Անձրեւից Յետոյ» ժողովածուի գեղարուեստական առանձնայատկութիւններուն: Գիրքին մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւնները հայ ժողովուրդին ու անոր արցախեան հատուածին անցեալին եւ ներկայ կեանքի իրողութիւններուն գեղարուեստական ընդհանրացումներն են:
Գիրքի գեղարուեստական ա-ռանձնայատկութիւնները արժեւորած է եւ գրականագիտական վերլուծութեամբ հանդէս եկած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Սիլվա Մինասեան: Բանաստեղծ Նելլի Աւաքովայի «Ղարաբաղ. Ցաւ Եւ Յիշողութիւն» փաստագրական գիրքի անհրաժեշտութիւնը կարեւոր նկատելով՝ խմբագիր Աշոտ Բեգլարեան նշած է, որ 20րդ դարու աւարտին Ատրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան ողբերգական դէպքերուն ականատես դարձած Ն. Աւաքովայի նկարագրութիւնները ո՛չ միայն պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու առումով կարեւոր են, այլ նաեւ՝ տեղեկատուական քարոզչութեան եւ նման ողբերգութիւնները կանխելու ու բացառելու:
Խմբագիրին համաձայն՝ այդ առումով անհրաժեշտ է ռուսերէն լեզուով գրուած գիրքը թարգմանել նաեւ այլ լեզուներու: Շնորհահանդէսին ներկայ՝ «Ղարաբաղ. Ցաւ Եւ Յիշողութիւն» գիրքի հեղինակ Ն. Աւաքովա իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է հայրենի Արցախի դերը իր ստեղծագործական կեանքին մէջ: Հեղինակը նշած է, որ հայրենիք այցելութիւնները այսուհետեւ շարունակական պիտի ըլլան եւ իւրաքանչիւր այցելութեան կը նախատեսէ նոր գիրքեր ներկայացնել Հայաստանի մէջ: Շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ գրողներ, հեղինակներու ստեղծագործութեան երկրպագուներ եւ հիւրեր: