ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բնագիտութեան ուսուցիչ դոկտ. Ռէյմընտ Իլին վերջերս Միացեալ Նահանգներու Օդանաւորդութեան եւ անջրպետի ազգային վարչութեան (NASA) «Իրագործում»ի մրցանակը ստացած է, դէպի Միջազգային անջրպետային կայան ղրկուելիք առաքելութեան մը բերած իր կենսական մասնակցութեան համար։
Ան այս իրագործումը իրականացուցած էր անջրպետագնացութեան մարզին մէջ աշխարhի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Փասատինայի «Ճէյ.Փի.Էլ.» հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ։
Դոկտ. Ռէյմընտ Իլին հինգ տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւն կը կատարէ գիտութեան մարզով հետաքրքրուած աշակերտներուն։