Արժանթինի մէջ աշնան պիտի կայանայ «Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» հայկական 6րդ մրցավազքը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին յայտնած է Արժանթինի հայ համայնքը: «Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» 10 քմ. երկարութեամբ մրցավազքը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 4ին, Պուէնոս Այրեսի Փալերմօ արուարձանին մէջ:
10 քմ. մրցակցային վազքէն բացի պիտի կազմակերպուի նաեւ 3 քմ. մասնակցային եւ 1 քմ. երեխաներու համար վազք:
Մրցավազքը նախաձեռնութիւնն է ՀՄԸՄի: Անիկա նպատակ ունի խթանել առողջ ապրելակերպը եւ միաժամանակ տարածել եւ բարձրացնել Արժանթինի հայկական համայնքի ձայնը: