ՖՐԵԶՆՕ.- «Yourcentralvalley.com» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ թուրք քրիստոնեայ քահանայ մը՝ Հաքան Թաշթան, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, այցելած է Ֆրեզնոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը, որ կը գտնուի Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ներս։
Թուրք քահանան ծաղկեպսակ զետեղած է յուշարձանին առջեւ։ Ծաղկեպսակին վրայ գրուած է, որ թուրք ժողովուրդը ներողութիւն կը խնդրէ հայերէն։ Թուրքը իր «հայ եղբայրներէն» ներողութիւն խնդրած է՝ իր պապերու ոճիրներուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.