ՊՈԼԻՍ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն եւ Պերլին Անգարան տեղեակ պահած են, որ կրնան չերկարաձգել Սուրիոյ սահմանամերձ Մարաշ (Քահրամանմարաշ) նահանգին մէջ գտնուող «Փաթրիոթ»հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումը, երբ աւարտի անոնց առաքելութեանց ժամկէտը։ Նշենք, որ ամերիկեան եւ գերմանական առաքելութիւնները կ՛աւարտին յաջորդաբար Հոկտեմբերին եւ Յունուարին։
Այս որոշումին իբրեւ բացատրութիւն նշուած է, թէ այդ համակարգերը այսուհետեւ հարկաւոր չեն, որովհետեւ Սուրիայէն Թուրքիա հրթիռային յարձակումները անհաւանական են։
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն նշած է, թէ պատրաստ է այդ համակարգերը մէկ շաբթուան ընթացքին դարձեալ վերադարձնելու, եթէ ապագային այդպիսի քայլ մը անհրաժեշտ ըլլայ: