ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հացի մեքենայով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, Տաւուշի շրջանի սահմանային գօտիին մէջ թշնամիի կրակին ենթարկուելով՝ վիրաւորուած է զօրամասի հոգեւոր ծառայող Յովհաննէս սարկաւագ Գալստեանը (լուրը կարդալու համար սեղմել այստեղ):
Հայոց բանակի հոգեւոր կարիքներուն ուշադիր ըլլալու պարտաւորութիւնն ունի Հայոց եկեղեցին, եւ այս պարտաւորութեան կատարման համար Ս. Էջմիածինը 1997ին ստեղծած է Զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւն (առաջնորդի պաշտօնը այժմ կը վարէ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան):
Մնայուն կերպով պատերազմի վտանգ դիմագրաւող մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներուն եւ անոնց թիկունքին, այսինքն՝ Հայաստանի բնակչութեան մարտական ոգին բարձր պահելու առաքելութեան մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունին Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայողները, որոնք պէտք է իրենց աստուածաբանական գիտելիքներով ու պատրաստութեամբ կարենան չէզոքացնել աղանդաւորներու քայքայիչ գաղափարները, իսկ միւս կողմէ՝ հաւատքի ու հայրենասիրութեան ոգիով տոգորել հայրենեաց պաշտպաններու սիրտն ու հոգին:
Մարտական դիրքերու վրայ 18-20ամեայ զինուորներու կողքին կանգնելով՝ հայ հոգեւորականը կը դառնայ ոչ միայն դաստիարակ ու քարոզիչ, այլ՝ ուժ ու կորով ներշնչող ներկայութիւն, մանաւանդ եթէ ան կը մարմնաւորէ իրապէ՛ս քաջ հովիւի յատկանիշները, եթէ ան մեր պատմութեան խորերէն եկած Ղեւոնդերէցեան աւանդութեան կրողը ըլլալու փառասիրութիւնն ունի:
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներու կողքին ըլլալու եւ անոնց հոգեկան ծառայութիւն մատուցելու իր առաքելութեան ճամբուն վրայ Յովհաննէս սարկաւագի վիրաւորուելու դէպքը յիշեցում մըն է մեզի, թէ Հայոց բանակին թեւ ու թիկունք դառնալու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս, իւրաքանչիւրս՝ իր կարողութեան, իր պատրաստուածութեան, իր գիտելիքներուն, իր ունեցած հնարաւորութիւններուն համեմատ: