ԵՐԵՒԱՆ.- Համահայկական խաղերու աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ կայացաւ Օգոստոս 12ին, իրարու դէմ հանեց Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի խումբերը եւ աւարտեցաւ առաջինին 84-70 յաղթանակով, որուն շնորհիւ Լոս Անճելըսի խումբը դարձաւ Համահայկական խաղերու ախոյեան։
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Լոս Անճելըսի խումբը պարտութեան մատնած է Մարսէյի, Այնճարի եւ Գահիրէի կազմերը, իսկ քառորդ աւարտականին՝ Ստեփանակերտի խումբը։ Կիսաւարտականին Լոս Անճելըսի խումբը յաղթանակ արձանագրեց Երեւանի խումբին դէմ։
Ոսկեայ մետալը նուաճած Լոս Անճելըսի խումբի անդամներն են՝ Անի Աւանէսեան, Արիանա Չիփոլոն, Սթելլա Ղազարեան, Ճուլի Հալաճեան, Անի Ճաւարտեան, Լիանա Մինասեան, Տայէն Օկանեսովա, Սարին Օհանեան, Անի Տարաքճեան (խմբապետուհի) եւ Քրիսթինէ Ծատուրեան։
Տարաքճեան եւ Աւանէսեան ընտրուած են մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկները։
Խումբի մարզիչն էր Քարլ Պարտաքեան, իսկ օգնական մարզիչները՝ Զօրիկ Իսաճանէ եւ Լեւոն Ալթիփարմաքեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.