ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ ամէն ինչ իրենց ուզած ձեւով ու կատարեալ վիճակի մէջ փափաքողներուն ուղղուած է այս բարոյագիտական գրութիւնը: Ինչքան ալ կատարելութիւն սիրող ըլլանք, կատարելութեան ձգտելու վիճակի մէջ պիտի գտնուինք ընդմիշտ, առանց հասնելու սակայն կատարելութեան, որովհետեւ մենք անկատար արարածներ ենք:
Չի՛ բաւեր, որ ոմանք այս կամ այն ծրագիրը կ՛ուզեն իրենց ուզած ձեւով ընթանայ, ու դէպքերու ընթացքին վրայ հսկողութիւն կը փորձեն բանեցնել, այլ տակաւին աւելին՝ անոնք կ՛ուզեն, որ իրենց շրջապատին մէջ ապրող մարդիկ ալ ճիշդ իրենց ուզածին պէս ստեղծուած ըլլան, կամ՝ իրենց կամակատար… Սա կարճ է, միւսը՝ երկար, ան՝ գէր, միւսը՝ նիհար, ու անվերջանալի շարան կը կազմեն դժգոհութիւններու, որոնք անտեղի արտայայտութիւններով կը դրսեւորուին, այս կեանքի մէջ ամէն ինչ իրենց երեւակայած ձեւով ունենալ փափաքողներու կողմէ:
Կատարելութեան այս պատկերացումը շատեր կը տեսնեն նոյնիսկ իրենց երազին մէջ: Ուրիշ խօսքով, գիշերուան անրջային մէկ պահուան մէջ, յանկարծ այնպէս կը զգան, թէ կատարելութեան կը հասնին եւ այնպէս կը պատկերացնեն, թէ ինչ բանի որ ձեռնարկած են իրենց կեանքին մէջ, այդ պահուն կ՛ունենան կատարեալ ձեւով: Օրինակ, իրենց երազած կեանքի ասպետին կը տիրանան, որ քննադատելի կամ խոցելի ո՛չ մէկ կէտ ունի իր վրայ, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեկան առումով: Կամ յանկարծ բարձունքէ մը լայն թռիչք կ՛առնեն ու կը սաւառնին ձորերու վերեւ, ամենակալ զգալով այդ քանի մը ակնթարթին մէջ:
Նման անձերուն պէտք է բացատրուի, թէ կեանքի մէջ կատարելութիւն չկայ: Ամէն մարդ եւ ամէն ինչ ունի անպայման անկատար բաժին մը: Նոյնիսկ կատարեալ երեւցող անձ մը, որ իր գիտութեամբ, կարողութիւններով, արտաքին տեսքով հմայք կը պատճառէ շատերու, կրնայ շա՜տ խոցելի կէտեր ունենալ իր առօրեայ կեանքին ընթացքին: Ուրեմն կատարելութիւնը միշտ ձգտում պիտի մնայ մարդու կեանքին մէջ, երազ մը ըլլալէ աւելի, որովհետեւ անոր մէկ մասը գէթ պիտի կարենան ոմանք իրագործել իրենց կեանքի երկար թէ կարճ տեւողութեան ընթացքին:
Պարտէզէն վերադարձող անձ մը, որ իր ամրան բերքը՝ վարունգը ճամբու եզրին դրած ծախած էր, հաճոյքով կը պատմէր վարունգներու աճման ընթացքին մասին, թէ ինչպէս անոնք ջրտուքէ ետք ճաքճքելով ակնթարթային պահերու մէջ կը մեծնան, յատկապէս գիշեր ատեն: Ան կը պատմէր նաեւ վարունգները անցորդներուն վաճառելու իր առօրեայ աշխատանքին մասին, մանաւանդ թարմ վարունգներուն զգլխիչ բոյրը գովելով, զանոնք ծախելու իր ճարտարութիւնը բացայայտելով: Այդ միջոցին նաեւ ան կը պատմէր, թէ յաճախորդներուն գոված պահուն, ինք ալ մէջտեղէն կտրելով կը համտեսէր իր ծախած վարունգներէն, անոր կոտրուելուն ձայնը իբրեւ յաւելեալ փաստ ներկայացնելու համար յաճախորդին:
Հետաքրքրական մանրամասնութիւն էր այս պարզ մշակին տուած օրինակը, որ այս գրութեան հիմնական պատճառը հանդիսացաւ:
_ Փորձէ՛,_ ըսաւ ան,_ վարունգին ծայրերէն ամէն մէկը տարբեր համ ունի, մէկը քաղցր է, իսկ միւսը՝ լեղի:
Իսկ մենք, մշակին տուած օրինակը առնելով՝ մտածեցինք, թէ կեանքի մէջ կատարելութիւն փնտռողները եթէ վարունգի մը երկու կողմերուն միջեւ համի նոյնութիւն չեն կրնար ստեղծել, հապա ինչպէ՞ս կը յանդգնին կեանքի մէջ ամէն ինչ կատարեալ ունենալ փափաքելու: Աւելին՝ ինչպէ՞ս կ՛երեւակայեն իրենց շրջապատին մէջ գտնուող անձերը տեսնելու միատեսակ կամակատարներ, որոնք վարունգի մը չափ իւրայատկութիւն չունենան, իւրաքանչիւրը համ մը ունենալով:
Աշխարհի մէջ ամէն մարդ իր գիտութեամբ, իր հանգամանքով, իր ունեցած հետաքրքրութիւններով, իր աշխատանքով կամ ծուլութեամբ, իր յաջողութիւններով եւ կամ ձախորդութիւններով, իւրայատուկ համ մը կը ներկայացնէ: Այս բազմազանութիւնն է, ըստ ընկերաբաններու տուած կարծիքին, որ աշխարհի կեանքը միապաղաղութենէ ու ձանձրոյթէ դուրս կը բերէ: Եթէ ծոյլը չըլլար, ինչպէ՞ս պիտի չափուէր գործող մարդուն աշխատասիրութեան աստիճանը: Միւս կողմէ, եթէ ամէն մարդ միեւնոյն հետաքրքրութիւնը ունենար, ինչպէ՞ս պիտի ստեղծուէին տարբեր նախասիրութիւններու հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնները: Նոյնութիւնը պիտի ճահճացնէր մարդային ընկերութեան կեանքը ու միեւնոյն հետաքրքրութիւնը ունեցող մարդոց միջեւ մրցակցութեան չգոյութիւնը, զարգացման ընթացքը պիտի խափանէր:
Դպրոցներու մէջ մանկավարժ ուսուցիչներու հիմնական նպատակը նոյնիսկ միեւնոյն մակարդակը ունեցող աշակերտներու միջեւ մրցակցութիւն յառաջացնելն է, որպէսզի ի վերջոյ անոնցմէ մէկը կամ միւսը իր կարողութիւնը աւելիով փաստէ ու դառնայ հաւասարներու մէջ առաջին:
Երբեք մի՛ սպասեր որ ամէն մարդ քու կերպարովը կաղապարուած ըլլայ: Նոյնիսկ եթէ պատկերացնենք, թէ, Աստուած բոլոր մարդկութիւնը մէկ կաղապարի մէջ ստեղծեց, դարձեալ անոնք նոյնը պիտի չըլլան: Որովհետեւ անոնց ծնունդէն ետք, մինչեւ մեծնալը, նոր կաղապարներ պիտի յայտնուին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեսակով ու ձեւով պիտի կազմաւորէ տուեալ ենթական:
Միեւնոյն վարունգին երկու ծայրերը ցոյց կու տան Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամէնէն յետին ծալքերը, որոնք բարոյագիտական օրինակ կը ծառայեն կատարելութիւն փնտռող մարդկութեան: Իր իւրաքանչիւր կողմի իւրօրինակ համով է, որ վարունգ մը կը ստանայ իր իւրայատկութիւնը բանջարեղէններու տեսականիին մէջ եւ իր բնութիւնը չի՛ փոխեր բնաւ:
Մարդիկ ալ եթէ իրենց բնութիւնը իրագործեն, ըլլան այնպէս, ինչպէս որ են եւ մանաւանդ ուրիշներու կամակատար ըլլալու սիրոյն՝ չհակադրուին իրենց եղածին ու ըլլալիքին, վարունգէ մը աւելի՛ արժէք պիտի ունենան, որովհետեւ վարունգը միշտ իր արժէքը պիտի պահէ, իր երկու ծայրերուն իւրայատուկ համերը պահելով: