ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Պետութեան կողմէ քաղաքացիին տրամադրուած ծառայութիւնները կասեցնելու, սղաճին դիմաց աշխատավարձի յաւելումներ չտրամադրելու եւ քաղաքացին յաւելեալ տուրքերու ենթարկելու արարքները շուրջ մէկ ու կէս ամիս առաջ հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ կառավարութիւնը անլոյծ ձգեց երկրի աղբերը հաւաքելու աշխատանքը:
«Հոտերնիդ ելաւ» անունով արշաւին անդամները Շաբաթ երեկոյեան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ սկսան բողոքի ցոյցի մը՝ պահանջելով լուծել աղբերուն հարցը: Անոնք կը կրէին աղբի տոպրակներ եւ քաղաքացիներուն դէմ պետութեան անիրաւութիւնը ներկայացնող պաստառներ: Մօտաւորապէս 10,000 քաղաքացիներ ողողած էին հրապարակը՝ հասնելով մինչեւ Մուհամատ Ամին մզկիթը ու կը պատրաստուէին քայլարշաւ մը կատարելու դէպի Նըժմէ հրապարակ, երբ վարչապետարանն ու խորհրդարանը պաշտպանող ապահովական ուժերը, բիրտ ուժ բանեցնելով ցուցարարներուն վրայ՝ արգիլեցին այդ քայլը: Իբրեւ հետեւանք ծայր առին բախումներ: Ցուցարարները մնացին հրապարակին վրայ եւ սկսան պահանջելու կառավարութեան եւ խորհրդարանի հրաժարականը:
Երբ ցուցարարները որոշեցին վրաններ լարել հրապարակին վրայ եւ հոն մնալ մինչեւ իրենց պահանջներու իրականացումը, անոնց եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները սրեցան այն աստիճան, որ անոնք վերածուեցան խոշտանգումի արարքներու: Իրենց բիրերով քաղաքացիները խոշտանգած ապահովութեան ուժերը չվարանեցան նաեւ օդին մէջ կրակելու՝ ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք հասան մինչեւ Նահատակաց հրապարակ:
Բախումներուն ընթացքին ցուցարարները եւ ներքին ապահովութեան ուժերը նաեւ քարկոծեցին զիրար՝ պատճառելով շուրջ 50 վիրաւոր: Խոշտանգումէն անմասն չմնացին նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նաեւ չորս ցուցարարներ, որոնք ուշ գիշերին ազատ արձակուեցան:
Զօրակցական ցոյցեր տեղի ունեցան այլ շրջաններու մէջ եւս։
Կիրակի առաւօտեան, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին ցոյցը շարունակուեցաւ: Արշաւը պահանջեց ցուցարարները խոշտանգող կողմերը պատժել, ինչպէս նաեւ՝ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը: Երեկոյեան, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գիշերած երիտասարդներուն միացան մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք եկած էին լիբանանեան զանազան շրջաններէ՝ իրենց բողոքը արտայայտելու երկրի իշխանութիւններուն դէմ: Անոնք պահանջեցին յեղափոխութիւն կատարել եւ տապալել լիբանանեան վարչակարգը:
Կիրակի երեկոյեան, կեդրոնական Պէյրութը թնդաց աւելի քան 20,000 քաղաքացիներու ցոյցով։ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը վերահաստատեց իր պահանջները եւ ընդգծեց, թէ բողոքի ցոյցը պիտի շարունակուի, միաժամանակ՝ կոչ ուղղելով արտերկրի լիբանանցիներուն՝ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու նաեւ լիբանանեան դեսպանատուներուն դիմաց:
Կեդրոնական ցոյցին սկսելէն մէկուկէս ժամ ետք, ցուցարարները փորձեցին վարչապետարանին դիմաց զետեղուած փշաթելերը խախտել: Ի պատասխան այս քայլին, ապահովութեան ուժերը դարձեալ ջրցան մեքենաներով եւ արցունքաբեր կազերով փորձեցին ցրուել զանոնք: Ցուցարարներու շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ: Սադրիչներու արարքներուն պատճառով, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ցոյցը փոխադրելու Նահատակաց հրապարակ, իսկ աւելի ուշ ցոյցի աւարտը յայտարարեց, սակայն կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ յաջորդ օրը Ռիատ Սոլհ հրապարակ վերադառնան: Ապահովական ուժերուն եւ սադրիչներուն միջեւ բախումները իրենց գագաթնակէտին հասան երեկոյեան ժամը 9էն ետք: Բախումներուն իբրեւ հետեւանք, արձանագրուեցան տասնեակ վիրաւորներ: Սադրիչներու արարքները տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր եւ վերածուեցան խուլիկանութեան:
Վիրաւորուած ցուցարարներէն մէկը Երկուշաբթի օր մահացաւ։
Օգոստոս 24ին, հազարաւոր լիբանանցիներ դարձեալ հաւաքուեցան հրապարակ՝ պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը։
Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամ Կիրակի օր ընդգծեց, որ ցուցարարներուն դէմ բռնութիւն գործող կողմերը պատասխանատուութեան պիտի կանչուին: Ան նշեց, որ ցոյց կատարելը սահմանադրութեամբ տրուած իրաւունք է եւ զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն: Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը հրաւիրած է նիստի մը, որ պիտի գումարուի Հինգշաբթի օր: «Եթէ Հինգշաբթի օրուան նիստը արդիւնաւէտ չըլլայ, ապա կառավարութեան կարիքը չկայ», շեշտեց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.