ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի Մինկեչաուր քաղաքին մէջ առնուազն 15 հոգի ձերբակալուած է ոստիկանական բռնութիւններու դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին:
Ցոյցերուն ընթացքին ոստիկաններու հետ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց հետեւանքով՝ 4 ոստիկան վիրաւորուած է:
Ինքնաբուխ բողոքի երթերը սկսած են, երբ տեղւոյն ոստիկանական բաժանմունքին մէջ մահացած է 27ամեայ Պահրուզ Հաճիեւը:
Ըստ ոստիկանութեան՝ ան ինքզինք պատուհանէն վար նետած է հարցաքննութեան ընթացքին, սակայն մահացած երիտասարդին հարազատները կը պնդեն, թէ ոստիկանները զայն տանջամահ ըրած են, որմէ ետք անոր մարմինը պատուհանէն վար նետած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.