ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող Սասնոյ մեծագոյն վանական համալիրին՝ Գոմք (Գոմոց) վանքին շուրջ բռնկած հրդեհին առնչութեամբ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Ալի Աթալան գրաւոր հարցադրում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Օգոստոս 15ին Սասնոյ Գոմք վանքին շուրջ բռնկած հրդեհին հետ կապուած իր հարցադրման մէջ պատգամաւորը շեշտած է հետեւեալ կէտերը.
– Տեղի ունեցած յարձակումին հետեւանքով վնասուած հայկական Սուրբ Պետրոս եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը գտնուող հայկական գերեզմանները պիտի վերականգնի՞ն:
– Հրդեհին պատասխանատու անձիք յայտնաբերուա՞ծ են:
– Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ հայերու պատկանող վանքերուն եւ գերեզմաններուն վրայ յարձակումներուն՝ ազգայնապաշտ ըլլալու հանգամանքին մասին մտածա՞ծ էք։
– Նման յարձակումներ իրականացնողներուն դէմ քայլեր առնուա՞ծ են:
– Օգոստոս 15, 2015ին իրականացուած յարձակումին վերաբերեալ տեսողական արձանագրութիւններ կա՞ն: