ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Սեւանայ լիճին յատակից, Շորժայի հատուածէն՝ մօտ 5 մեթր խորութեան վրայ «Այաս» ծովային հետազօտութիւններու ջրասուզակները այս օրերուն յայտնաբերած են նախապատմական խոշոր եղջերաւոր անամունի ոսկոր:
Հնակենսաբանի ու հնաբուսաբանի հետազօտօթիւններուն իբրեւ արդիւնք բացայայտուած է, որ գտածոն նախապատմական՝ սառէ դարաշրջանէն առաջ գոյութիւն ունեցող վայրի ցուլի ողնաշարի մասնիկ է: ԳԱԱ բուսաբանութեան եւ կենդանաբանութեան հիմնարկներուն մէջ այսօր կը պահպանուին հարիւրաւորաւոր գտածոներ Սեւանի ափամերձ գօտիներէն, սկսած վայրի ցուլէն մինչեւ կճղակաւորներու գանգեր եւ ոսկորներ: Գտածոն առաջինն է, որ յայտնաբերուած է լիճին յատակէն: