ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցանկ»ին վրայ ընդգրկուած են Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու կամ եւրոպական այլ երկիրներու քաղաքացիներ, Արցախ այցելած ըլլալու «յանցանքով»: Արդարեւ, Dailykarabakh-ի տուեալներով, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան «սեւ ցանկ»ին վրայ առնուած են 49 երկիրներէ 501 քաղաքացիներ: Անոնց մեծ մասը Ռուսիոյ քաղաքացիներ են (133 անձ): Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներէն Միացեալ Նահանգները՝ 41 մարդ: Իսկ երրորդը Գերմանիան՝ 38 մարդ։
Ցանկը կ՛ընդգրկէ նաեւ Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ: