Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Կիպրոսի ոգեկոչման յանձնախումբի ծրագրած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հոկտեմբեր 22ին եւ 23ին տեղի ունեցան համերգներ՝ մասնակցութեամբ Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբին, խմբավարութեամբ՝ կիպրահայ տաղանդաւոր եւ աշխարհահռչակ մայէսթրօ Հայկ Իւթիւճեանի:
Առաջինը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, Պաֆոսի «Պալիա Իլեքտրիկի» մշակութային կեդրոնին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբերին, Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատրոնին մէջ, որ ծայրէ ի ծայր լեցուած էր արուեստասէր հանրութեամբ:
Յայտագիրը կը պարունակէր 23 լարային նուագարաններու համար յօրինուած՝ Ռիչըրտ Շթրաուսի «Metamorphosen» գործը, որ կը սգայ Բ. Աշխարհամարտի պատճառած աղէտը, ինչպէս նաեւ՝ «Սուրբ պատարագ»էն հատուածներ, Կոմիտասի դաշնաւորումով, որոնք 60ական թուականներու վերջաւորութեան, Զարեհ Սահակեանցի արհեստագիտական միջամտութեամբ վերածուած են նուագախմբային հատուածներու:
Լարային նուագարաններու համար պատրաստուած «Սուրբ պատարագ»ը կը համարուի հայկական երաժշտութեան գեղեցկութեան եւ արտայայտութեան լաւագոյն օրինակը: Անիկա կ՛ընդգրկէ եկեղեցական աւանդական մեղեդիներ, որոնք տարածուած եւ սրբացուած են դարերու ընդմէջէն, երկրպագութեան միջոցաւ: