ՍՕՍԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Աւագ արք. Ասատուրեանի, նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Իրաքի կեդրոնական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան, Հոկտեմբեր 17ին տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային ժառանգութիւններ» ձեռնարկը, Պաղտատի ՀՄԸՄի սրահին ներս:
Ինչպէս Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները, այնպէս ալ Իրաքի հայ գաղութը կը շարունակէ 100ամեակը նշել յատուկ ձեռնարկներով: Իրաքի ներկայ պայմաններուն մէջ, տակաւին կը շարունակեն կազմակերպել իւրայատուկ ձեռնարկներ, գրական-գեղարուեստական երեկոներ: Վերջին տարիներուն զգալիօրէն նօսրացած այս գաղութին մէջ կը յայտնուի երիտասարդ տաղանդաւոր եւ նուիրուած սերունդ մը, որ կը շարունակէ հայապահպանման առաքելութիւնը Միջագետքի այս հիւրրընկալ հողին վրայ:
Ձեռնարկին մասին անդրադարձած է իրաքեան West News Agency կայքը. յօդուածին մէջ գրուած է, որ հայ ժողովուրդը ամբողջ աշխարհի մէջ բարձրացուցած է «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսը, երկու բառ, սակայն մեծ նշանակութիւն ունին հայերու յիշողութեան մէջ, 20րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին կատարուած ցեղասպանութիւնը, աւելցնելով, որ հայերը գրական երեկոներ կազմակերպելով՝ կը պահպանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:
Կայքը անդրադարձած է նաեւ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան ազգանուէր գործունէութեան հիմնադրութեան օրէն՝ 1961էն մինչ օրս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.