ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան անդամներէն Լեւոն Մարտիրոսեան, «Առաջին Լրատուական»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ խօսած է Արցախի «որոշ տարածքներ» Ատրպէյճանին յանձնելու հնարաւորութեան մասին:
«Չեմ ժխտում, որ ԼՂՀ ազատագրուած որոշ տարածքներ կը յանձնուեն Ատրպէյճանին», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կուսակցութեան անդամը:
Աւելի ուշ, այս անորակելի քաղաքական գործիչը, «Երկիր» կայքի լրագրողին հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է իր ամօթալի յայտարարութիւնը եւ աւելին՝ պնդած է, որ ինք չէ ըսած «ես չեմ ժխտում», այլ ըսած է՝ «մենք չենք ժխտում». «Մենք, այսինքն՝ Հայաստանը: Մե՛ծ է տարբերութիւնը: Սա՝ մէկ: Փոխզիջումային տարբերակները միշտ էլ քննարկուել են, եւ մենք երբեւէ չենք ժխտել, որ փոխզիջումային տարբերակով ցանկութիւն ունենք լուծելու հարցը: Այլ հարց է՝ Ադրբեջանն այդպիսի ցանկութիւն ունի՞, եւ ի՞նչ է ենթադրելու փոխզիջումը»:
Մենք վստահ ենք, որ Մարտիրոսեանի այս դաւաճանական յայտարարութեան հետ համաձայն չի կրնար ըլլալ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներու (անդամներու չեմ ըսեր, որովհետեւ չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ոչ պաշտօնեայ անձ մը այս կուսակցութեան անդամ ըլլայ) մեծագոյն մասը: Այսուհանդերձ, երիտասարդ տարիքով գործիչի մը՝ այսպիսի ծանրագոյն հետեւանքներով լի յայտարարութեամբ հանդէս գալու յանդգնութիւնը չի կրնար ինչ որ տեղէ մը ներշնչուած չըլլալ:
Որպէսզի այս մտայնութիւնը արմատապէս ջնջուի հայ քաղաքական բառապաշարէն, կ՛երկրորդենք այն մօտեցումը, որ քրէական պատասխանատուութեան կ՛ուզէ ենթարկել Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնելու գաղափարը քարոզողները, կամ՝ այդ գաղափարին անուղղակիօրէն ջատագով հանդիսացողները:
Իսկապէ՛ս ողբերգութիւն է հայու մը կողմէ նման կեցուածքի մասին լսելը: