ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուն հերթական անգամ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը մեղադրած է հայամէտ դիրքորոշում ունենալու «յանցանք»ով: Միջնորդներուն հասցէագրուած քննադատութեան պատճառը այս անգամ այն էր, որ ԵԽԽՎի մէջ քննարկուող ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ զեկոյցին մասին համանախագահներու յայտարարութիւնը Պաքուի մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է: Պաքու կը պնդէ, որ միջնորդները նման յայտարարութեամբ կը պաշտպանեն Երեւանի շահերը: Նշենք, որ համանախագահները քննադատած էին բրիտանացի պատգամաւոր Ռապըրթ Ուոլթըրի հեղինակած հակահայ զեկոյցը, որ կազմուած էր առանց Մինսկի խմբակին հետ խորհրդակցելու, այլ՝ բացառապէս ատրպէյճանական կողմին հետ համագործակցութեամբ։
«20 տարի շարունակուող ապարդիւն գործունէութեան հետեւանքով, միջնորդները կորսնցուցած են իրենց նկատմամբ միջազգային հանրութեան եւ ատրպէյճանական հասարակութեան վստահութիւնը», այս առթիւ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ:
Իր կարգին, ԵԱՀԿի մօտ ատրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը պնդած է, որ նման քննադատութեանց փոխարէն, համանախագահները պէտք է «անյապաղ սկսին խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու, եւ Հայաստանին ստիպեն վերադարձնել տարածքները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.