Թորոնթոյի «George Weston recital» համերգասրահին մէջ Նոյեմբեր 7ին կայացաւ «Մի մո-ռնար զիս» խորագիրով համերգը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Թորոնթոյի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցան սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ ջութակահարուհի Նունէ Մելիքեան:
Համերգին ընթացքին Նուրհան Արմանի ղեկավարած նուագախումբը կատարեց Էդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.