ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Նոյեմբեր 8ին սկիզբ առաւ ՀԵԴի Պասքեթպոլի «Փիւնիկ» ծրագիրի երրորդ տարեշրջանը՝ համագործակցութեամբ ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտին, շրջանի ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղին եւ Հայկական օթիզմի նախաձեռնութեան։
Ինչպէս անունը կը յուշէ, «Փիւնիկ» ծրագիրին նպատակն է մարզական սպասարկութիւն մատուցել յատուկ կարիքներ ունեցող մարզիկներու՝ մասնակցութեամբ խումբ մը նուիրեալ կամաւորներու, որոնք յատուկ ցուցմունքներ եւ մարզումներ ստացած են նախքան ծրագիրի մեկնարկը։
Ներկաներու շարքին կային նախորդ երկու տարիներու սոյն ծրագիրին մասնակցած մարզիկներ եւ նորեկներ։
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտին՝ sardarabad@ayfwest.org հասցէով կամ (818) 439-9532 թիւով։