
Առջեւի շարք՝ վեր. Պերճ Ճամպազեան, վեր. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան, վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) գործադիր յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը գումարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 15-16ին:
Գործադիր յանձնախումբը խոր-հրդակցութիւն կատարեց եւ որոշումներ տուաւ հետեւեալ նիւթերուն մասին.
– Ընդհանուր վերատեսութիւն մը եւ վերագնահատում մը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով՝ տեղական, համայնքային, միջյարանուանական մակարդակներու վրայ եղած ոգեկոչումներուն մասին:
– Որոշուեցաւ Ֆրանսիս պապին այցելութիւն մը տալ ընթացիկ տարուան մէջ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երախտիքը յայտնելու նորին սրբութեան արի կեցուածքին համար, զոր ան ցոյց տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ:
– Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ եւ կարգ մը որոշումներ տրուեցան սուրիահայութեան տագնապալի վիճակին մասին:
– Որոշուեցաւ շարունակել երկխօսութիւնը ՀԱՀԽի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միջեւ:
– Որոշուեցաւ ՀԱՀԽի համար գրասենեակ մը հաստատել Երեւանի Աւետարանչականի կեդրոնատեղիին մէջ:
– Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 170ամեակի տօնակատարութիւնը՝ 2016ին:
– Զաւէն Խանճեան նշանակուեցաւ որպէս ՀԱՀԽի ներկայացուցիչ՝ Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան կազմին մէջ:
– Ժողովը ընդունեց դիւանի եւ անդամ կազմակերպութեանց տեղեկագիրները: