ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 19 Նոյեմբերի կառավարութեան նիստին ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան կառավարութեան հաստատման ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կազով բանող ելեկտրակայան կառուցելու եւ շահագործելու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրին համաձայնութիւն տալու հարցը։ Նախարարը նշած է, որ նախատեսուած է Երեւանի մէջ գործող ջրելեկտրակայանին կից օգտագործման յանձնել նոր ելեկտրական պլոք մըն ալ: Ելեկտրակայանի կառուցմամբ եւ անոր օգտագործմամբ հետաքրքրուած է իտալական «Ռենքօ» ընկերութիւնը:
Կառավարութիւնը հաստատած է կառավարութեան եւ «Ռենքօ» ընկերութեան միջեւ նման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
Երուանդ Զախարեան դիտել տուած է, որ ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 215 միլիոն տոլար է, այսինքն՝ իտալական ընկերութիւնը պիտի ներդրէ այդքան գումար: Ընդհանուր նախապատրաստական աշխատանքները պիտի տեւեն 4 ամիս, որմէ ետք արդէն պիտի ստորագրուի կառուցման պայմանագիրը, շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2018ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.