ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 6 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան արդիւնքները վերահաշուելու դիմումներուն հիման վրայ 11 ընտրական կեդրոնի մէջ կրկին հաշուըուեցան քուէներ՝ առաւօտեան ժամը 9։00էն սկսեալ:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ 19 կեդրոններու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկումէն ետք 4ով աւելցած է «այո»ի քուէաթերթիկներուն թիւը, իսկ «ոչ» քուէարկուած թերթիկներուն թիւը նուազած է 31ով, անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը աւելցած է 27ով: