ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» նորընտիր կոմիտէն, ընկերակցութեամբ իր յարաբերական յանձնախումբի ընկերներուն, Շաբաթ, Նոյեմբեր 28ին, ընդառաջելով Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի հրաւէրին, այցելեց հիւպատոսարան եւ ընկերական խանդավառ մթնոaլորտի մէջ ունեցան գաղափարներու եւ տեսակէտներու փոխանակում, «Եղբայր ենք մենք» նշանաբանով:
Այս հրաւէրին ներկայ էին՝ բժիշկներ Կարօ Խաչիկեան եւ Վաչէ Վասիլեան։ Պատուոյ հիւպատոսը, ողջունելէ ետք ներկաները, մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հիւպատոսարանի գործունէութեան, ապա տեղի ունեցան օգտակար եւ շինիչ խորհրդակցութիւններ:
«Սողմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն եւ իր յարաբերական յանձնախումբը, լսելէ ետք պատուոյ հիւպատոսի գործունէութեան զեկուցումը, պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնն ու օժանդակութիւնը բերելու հիւպատոսարանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Թելադրուեցաւ նաեւ տարուան ընթացքին յաճախակի հանդիպումներ կազմակերպել:
Երկու ժամուան տեւողութիւն ունեցող եւ բարեկամական տաքուկ զգացումներով լի հանդիպումը վերջացաւ հիւպատոսարանին կողմէ հիւրասիրուած թեթեւ ընթրիքով:
Կոմիտէի եւ յանձնախումբի ընկերները, ազգային ոգիով համակուած, բարձր տրամադրութեամբ եւ բարեմաղթութիւններով հեռացան հիւպատոսարանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.